ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը մէկ շաբաթով յետաձգեց Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումները` նկատի ունենալով, որ մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռելու իրաւունք ունեցող «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը իր աշխատանքը կանոնաւորելու համար շաբաթ մը եւս պահանջած է ֆետերասիոնէն:
Այժմ մրցումները պիտի սկսին շաբաթ, 22 հոկտեմբերէն սկսեալ, շաբաթ, 15 հոկտեմբերի փոխարէն:
Ֆետերասիոնը վաւերացուց նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումին արդիւնքը. մրցումին ընթացքին Ահտ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Սաֆան տիրացաւ տիտղոսին:
Նշենք, որ այս շաբաթավերջին Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով տեղի պիտի ունենան զտումի Ա. հանգրուանի երկու մրցումներ:
Ֆետերասիոնին կողմէ Համբիկ Միսաքեան (ֆետերասիոնի անդամ) եւ մարզիչ Վաչէ Սարգիսեան նշանակուեցան Լիբանանը ներկայացնելու համար 6-8 դեկտեմբեր 2011-ին Քուալալամփուրի մէջ տեղի ունենալիք մամլոյ ասուլիսին, որ 2011-ին տեղի ունեցած աղջկանց մոնտիալին գծով պիտի ներկայացնէ ընդհանուր տեղեկութիւններ:
Ստորեւ կու տանք Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
ՇԱԲԱԹ, 22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Անսար – Թատամոն Սուր 3:30 Պէյրութ
Մապարրա – Նըժմէ 3:30 Սայտա
ԿԻՐԱԿԻ, 23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Ռասինկ – Թրիփոլի 3:30 Ժունիէ
Սալամ Սուր – Շապապ Սահել 3:30 Սուր
Ախա Ալէյ – Ահլի Սայտա 3:30 Պհամտուն
Սաֆա – Ահտ 3:30 Մարզական Աւան