50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (8 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ 1967-Ի ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԸ
1967-ին Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային մեծ ցուցահանդէս մը` մասնակցութեամբ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն եւ առաջին անգամն ըլլալով` խորհրդային զանազան հանրապետութիւններուն:
Այս մասին շահեկան տեղեկութիւններ կու տայ Ս. Մելքումեան, որ անդամ է ցուցահանդէսի խորհրդակցական խորհուրդին, մնալով միեւնոյն ատեն Խորհրդային Միութեան նախարարներու խորհուրդին առընթեր Հայաստանի նախարարներու խորհուրդի մնայուն ներկայացուցիչը:
– Ի տարբերութիւն Պրիւքսէլի միջազգային ցուցահանդէսին, ուր Խ. Միութիւնը ներկայացուած էր մէկ տաղաւարով, Մոսկուայի ցուցահանդէսին տաղաւարներ պիտի ունենան խորհրդային 15 հանրապետութիւններն ալ անխտիր: Հայաստան իր տաղաւարին մէջ պիտի ներկայացնէ մեր երկրին արդիւնաբերութիւնը, ելեկտրականութիւնը, շինարարութիւնը, մշակոյթը, կենցաղը եւ հայ ազգի պատմութիւնը:
Հայաստանի յատկացուած բաժինին ընդհանուր տարածութիւնը 1,6 հեկտար է, որուն երեք հազար քառակուսի մեթրը պիտի յատկացուի բուն տաղաւարին, հազարը` բացօթեայ ցուցադրութիւններուն եւ 1200 քառ. մեթր ալ` կանաչապատումի:
Հայկական տաղաւարին մէջ իր առանձին բաժինը պիտի ունենայ Երեւանը, որ իրաւամբ կը նկատուի աշխարհի գեղեցիկ քաղաքներէն մէկը:
Ս. Մելքումեան կու տայ նաեւ յաւելեալ տեղեկութիւններ` ընդհանուր ցուցահանդէսին մասին: Այսպէս, Մոսկուայի միջազգային ցուցահանդէսին ընդհանուր տարածութիւնը պիտի ըլլայ 520,000 քառ. մեթր, որուն հարիւր հեկտար տարածութիւնը պիտի յատկացուի Խ. Միութեան: Պետութիւններու յատկացուած բաժիններու կողքին, պիտի ըլլայ նաեւ միջազգային բաժին մը` գիտութիւն, թեքնիք, արուեստ եւ այլ տաղաւարներով: Կ՛ենթադրուի, որ ցուցահանդէսին իրենց տաղաւարները կ՛ունենան ՄԱԿ-ը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, Կարմիր խաչը, մարզական միութիւնները եւ այլն:
ՏԱԹԵՒԻ ՋՐԵԼԵԿՏՐԱԿԱՅԱՆԸ
Զանգեզուրի Որոտան գետին վրայ վերջերս սկսաւ Տաթեւի ջրաելեկտրակայանի շինութիւնը: Առաջինն է գետին վրայ շինուելիք եօթը ելեկտրակայաններէն, որոնցմէ երեքը` Ազրպէյճանի մէջ: Տաթեւի ջրելեկտրակայանը ամէնէն մեծը պիտի ըլլայ, որուն շինութիւնները լեռներու եւ գետի երկայնքին պիտի գրաւեն մօտ երեսուն քմ. երկարութիւն: Գետին խոր կիրճին մէջ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանագլուխին մօտ պիտի շինուի կայանին գլխաւոր շէնքը: Ջուրը դէպի ճնշող խողովակները պիտի հոսի 600 մեթր բարձրութենէ երկու քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող խողովակներով: Լեռնային բարդ զանգուածին մէջ շինուելիք փապուղիին երկարութիւնը գրեթէ քսան քիլոմեթր պիտի ըլլայ:
Որոտանի վրայ պիտի շինուին ջրամբարներ` իւրաքանչիւրը երկու հարիւր միլիոն խորանարդ մեթր տարողութեամբ: Ծրագրուած է շինել նաեւ 70 մեթր բարձրութիւն ունեցող կամարաձեւ ամբարտակներ եւ բարեկարգ աւաններ:
Նոր ջրաելեկտրակայանը օգտակար պիտի ըլլայ Հայաստան հարաւային շրջաններուն:
ՆՈՐ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Գարնան Արտաշատի մէջ հիմը դրուեցաւ գիւղատնտեսութիւնը մեքենայացնելու եւ ելեկտրականացնելու ձգտող գիտահետազօտական հիմնարկութեան, որուն տարածութիւնն է եօթը հեկտար:
Այս նոր հիմնարկութեան տասը բաժիններուն մէջ աշխատող երկու հարիւր գիւղատնտեսներուն գործը պիտի ըլլայ զարգացնել գիւղատնտեսութիւնը Հայաստանի լեռնային շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ` քարքարոտ աղակալած հողերու մշակումը, անասնաբուծութեան, այգեգործութեան, դաշտավարութեան մեքենայացումը եւ ելեկտրականացումը: Եւ գործարան մը, ուր պիտի աշխատին 650 բանուորներ:
Արտաշատի գիտական եւ հետազօտական այս հիմնարկութիւնը նաեւ պիտի ունենայ ընդարձակ փորձադաշտեր եւ պարտէզներ:
ՆՈՐ ՄԱՅՐՈՒՂԻ ՄԸ
Գեղեցիկ, լայն մայրուղի մը շինուելու վրայ է Հրազդան գետի ափին` Երեւանը Արզնիին միացնելու համար: Նոր մայրուղին ունի երկու առաւելութիւններ, առաջինը` մեծ չափով կը կարճեցնէ Երեւան-Արզնիի երկարութիւնը, երկրորդ` աւելի գեղատեսիլ եւ օդասուն է:

