ԱՐԵՒՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ` ԷՆՔԱՆԵՐԸ (Բ. ՄԱՍ)
Բազմաթիւ էնքաներ կ՛ապրէին լեռնային պզտիկ գիւղերու մէջ: Անոնք հնարած էին զարմանալի դրութիւններ` տեղափոխուելու, հաղորդակցելու եւ շատ տոկուն կառոյցներ շինելու համար:
ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԻՆ ԲԱԺԻՆԸ
Իւրաքանչիւր գիւղացի պէտք էր իր հունձքերը երեքի բաժնէր. մէկ բաժինը պիտի ծառայէր իբրեւ նուիրատուութիւն արեւ-աստուծոյ, միւս բաժինը կը պատկանէր Սափա Էնքային, իսկ վերջինը կը բաժնուէր բոլորին միջեւ: Հիւանդները եւ ծերերը ապրուստ մը կը ստանային`, առանց աշխատիլ ստիպուած ըլլալու…
Էնքաները կ՛ապրէին լամաներուն եւ անոնց «զարմիկ» անասուններուն հետ: Ուղտերու ընտանիքին պատկանող այս անասունները անոնց կը հայթայթէին կաթ, միս եւ բուրդ: Անոնք կը գործածէին նաեւ ապրանքներ կամ շինութեան նիւթեր փոխադրելու համար:
ՅԱՐՄԱՐՑՈՒԱԾ ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Էնքաները իրենց դաշտերը կը շինէին դարատափի ձեւով: Լեռներուն բարձունքներուն վրայ անոնք կը ցանէին գետնախնձոր եւ քինօա, որ շատ դիմացկուն ընդեղէն մըն է, միջին բարձունքներուն վրայ` եգիպտացորեն եւ լուբիա, իսկ աւելի տաք դաշտերուն մէջ` լոլիկ, պղպեղ եւ քաքաօ: Անոնք գետերուն հունը կը փոխէին եւ յատուկ ջրանցքներ կը շինէին իրենց դաշտերը ջրելու համար:
Էնքաներուն մեծ մասը անասնաբոյծ, երկրագործ կամ արհեստագործ էր: Անոնք կ՛ապրէին չոր խոտերով տանիքներով քարէ տուներու մէջ: Անոնք իրենց հագուստները կը հիւսէին եւ թրծուած կաւէ առարկաներ ու փայտէ գործիքներ կը շինէին:
Աւելի արագ եւ աւելի դիւրութեամբ տեղափոխուելու համար կայսրութեան մէկ կողմէն միւսը էնքաները շինած էին աւելի քան 29000 քմ սալաքարէ ճամբաներ: Սակայն, հակառակ ասոր, անոնք ծանօթ չէին անիւին: Հետեւաբար անոնք քալելով կը տեղափոխուէին:
Էնքա ճարտարապետերը հնարած էին շինութեան յատուկ թեքնիք մը, որպէսզի կառոյցները կարենան տոկալ շրջանի երկրաշարժերուն: Պատերը կազմուած էին իրարու մէջ մտած քարերէ, որոնք կրնային իրարու վրայ սահիլ առանց փուլ գալու: Պատուհաններուն եւ դռներուն ձեւը զանոնք աւելի դիմացկուն կը դարձնէին:
ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՀԱՇՈՒԻՉ ՄԵՔԵՆԱՅ
Էնքաները ո՛չ կարդալ, ո՛չ ալ գրել գիտէին. սակայն անոնք կը գործածէին «Քուիփի» կոչուած շատ հնարամիտ առարկայ մը: Այս «գործիքը» կազմուած էր իրարու կապուած պարաններէ: Այս պարաններէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէր առարկայի տեսակ մը եւ իւրաքանչիւր հանգոյց` թիւ մը:
Այս գործիքը կարելիութիւնը կու տար հաշուելու, օրինակի համար, հունձքերուն, ոսկիին քանակը, բնակչութեան թիւը…
Կիները սքանչելի կերպասներ կը հիւսէին: Անոնք բնական ներկեր կը գործածէին բուրդը ներկելու` զայն հիւսելէ առաջ: Ապա անոնք կ՛ասեղնագործէին երկրաչափական ձեւեր եւ նշաններ, որոնք կը պատմէին էնքաներուն առասպելները:
Ի՞ՆՉ ՊԱՏԱՀԵՑԱՒ ԷՆՔԱՆԵՐՈՒՆ
Քրիստափոր Քոլոմպոսը Ամերիկան գտնելէն ետք, սպանացի նուաճողներ գրաւեցին էնքաներուն հողերը` ոսկի փնտռելով: Անոնք էնքաներուն փոխանցեցին մինչեւ այդ ժամանակները Հարաւային Ամերիկայի մէջ անծանօթ հիւանդութիւններ, իսկ վերապրողները ստրուկներու վերածեցին:
1570 թուականին էնքաներուն քաղաքակրթութիւնը վերջնականապէս կ՛անհետանայ…
ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ
Մեղուները կրնան կանաչ, կապոյտ կամ կարմիր ըլլալ:
- Չափահասները կրնան տարեկան մինչեւ 1500 երազ տեսնել:
- Լոյսը արեւէն մինչեւ երկրագունդ կը հասնի 8 վայրկեան եւ 19 երկվայրկեանէն:
- Ոտքիդ երկայնքը հաւասար է արմուկէդ մինչեւ դաստակիդ հեռաւորութեան:
- Կապիկներն ալ կրնան ծեր տարիքին ճաղատ դառնալ, ինչպէս` մարդ արարածները:
- Ձիւնի փաթիլ մը կրնայ մինչեւ երկու ժամ դնել ամպէն գետին հասնելու համար:
- Ջայլամին աչքը աւելի մեծ է, քան` անոր ուղեղը:
- Իւրանիոս մոլորակին վրայ ձմեռը կը տեւէ 21 տարի:
- Բոլոր հրաբուխներուն մօտաւորապէս 75 առ հարիւրը կը գտնուի ջուրին տակ:
ՄՏԱԾԵՆՔ
Ա.- Նաւավարը, գայլը, այծը եւ կաղամբը
Նաւավար մը կ՛ուզէ գետը կտրել գայլի մը, այծի մը եւ կաղամբի մը հետ: Անոր նաւակը կրնայ ընդունիլ միայն երկու անցորդ մէկ անգամէն, իսկ եթէ նաւավարը բացակայի գայլը այծը կ՛ուտէ, իսկ այծը` կաղամբը:
Ի՞նչ պիտի ընէ նաւավարը:
Երկու ընկերներ` Դաւիթ եւ Րաֆֆի, բնութեան մէջ պտոյտի գացած են քանի մը օրուան համար. անոնք իրենց պայուսակներուն մէջ խնձորի պզտիկ պահեստ մը առած են իրենց հետ: Եթէ Դաւիթ իր խնձորներէն մէկը րաֆֆիին տայ, երկուքն ալ նոյնքան խնձոր պիտի ունենան: Իսկ եթէ Րաֆֆի երկու խնձոր տար Դաւիթին, ան Րաֆֆիէն երեք անգամ աւելի խնձոր պիտի ունենայ:
Իւրաքանչիւրը քանի՞ խնձոր ունի իր պայուսակին մէջ:
Պատասխանները վերջաւորութեան
ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել վերի ձախ անկիւնի նկարին եւ իւրաքանչիւր նկարի միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբերութիւնները:
ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
Ա.- Նաւավարը նախ միւս կողմ կ՛անցընէ այծը. ապա կը վերադառնայ եւ կ՛անցնէ գայլը: Գայլը ափին կը ձգէ եւ կը վերադառնայ այծին հետ: Այծը կը ձգէ ափին, կաղամբը կ՛անցընէ միւս ափ, եւ վերջապէս, կը վերադառնայ այծը առնելու:
Բ.- Դաւիթ քովը ունի եօթը խնձոր, իսկ Րաֆֆի` հինգ խնձոր: Եթէ Դաւիթ իր խնձորներէն մէկը Րաֆֆիին տայ, անոնք երկուքն ալ վեց խնձոր պիտի ունենան: Իսկ եթէ Րաֆֆի երկու խնձոր տայ Դաւիթին, այս վերջինը ինը խնձոր պիտի ունենայ, մինչ Րաֆֆին` միայն երեք:
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ