ԺԻՒՏՕ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ 30 ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՆԹԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

18-20 մարտին Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա) տեղի պիտի ունենայ ժիւտոյի Եւրոպայի պատանիներու բաժակի մրցաշարքը:

Այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստան 30 ներկայացուցիչով ելոյթ պիտի ունենայ, կը յայտնէ Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը:

Հաւաքականին մարզիչներն են Մարտին Սարգսեան, Կարէն Ապաղեան եւ Գագիկ Ղազարեան:

Անթալիա մեկնած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ երկու իրաւարարներ` Դաւիթ Խիթարեան եւ Արտեոմ Մելքոնեան:

Նշենք, որ այս մրցաշարքին մասնակցելու համար Հայաստանի պատանիներու ազգային հաւաքականը ուսումնամարզական երկու հաւաք կատարեց Ծաղկաձորի եւ Աբովեանի մէջ:

Կ՛ակնկալուի, որ այդ նախապատրաստական հաւաքները արդիւնաւորուին Անթալիոյ մէջ եւ Հայաստան արձանագրէ փայլուն արդիւնքներ:

 

Share this Article
CATEGORIES