ԸՍՏ ՄԱԿ-Ի ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ 2040-ԻՆ ԹԵՐԹԵՐԸ ՊԻՏԻ ԴԱԴՐԻՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼԷ
ՄԱԿ-ի մտաւորական սեփականութեան գործակալութեան ղեկավար Ֆրանսիս Կիւրի «Թրիպիւն Տը Ժընեւ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ 2040-ին թերթերը պիտի դադրին գոյութիւն ունենալէ եւ պիտի փոխարինուին թուայնացած տարբերակներով:
Ան ըսաւ, որ «քանի մը տարի ետք, այսօրուան մեզի ծանօթ տպագիր թերթերը այլեւս պիտի չտպուին: Ասիկա եղափոխութիւն մըն է: Անոր մէջ դրական կամ ժխտական ոչինչ կայ: Գոյութիւն ունին ուսումնասիրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ թերթերը 2040-ին գոյութիւն ունենալէ դադրած պիտի ըլլան: Միացեալ Նահանգներու մէջ, անոնք վերջ պիտի գտնեն 2017-ին»:
Կիւրի նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ արդէն իսկ թերթերու թուայնացած տարբերակները աւելի կը ծախուին, քան` աւանդական թերթերը: Քաղաքներու մէջ նաեւ գրավաճառներուն թիւը նուազած է»:
Գլխաւոր հարցը եկամուտի համակարգն է: Կիւրի հարց տուաւ, որ «խմբագրապետները ինչպէ՞ս կրնան այդ յօդուածագիրներուն վճարելու դրամ գտնել»` աւելցնելով, որ հրատարակութեան իրաւունքը պէտք է պահպանուի, որպէսզի յօդուածագիրներուն կարելի ըլլայ վճարել: