ԱԶԳ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ – ՓԻՍՈՆ ԵՒ ԵՍ

ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ

Յովհաննէս Քաջազնունի

Լեւոն Շանթ

Այս օրերուն, երբ խօսակից չունենամ տունը, յաճախ կը դիմեմ սեւուկ կատուիս` Ռինկոյին որ այնքան լուռ եւ ուշադիր մտիկ կ՛ընէ զիս, որ ուշադրութիւն կ՛ընեմ` սխալ բան մը չըսելու համար: Ուշադրութիւն կ՛ընեմ նոյնիսկ քերականական սխալներուս` ամօթով չմնալու համար «աշակերտներուս մօտ»:

Այսպէս, ասիկա ինծի կ՛օգնէ, որ մաքուր պահեմ գիտցած հայերէնս: Իսկ անոնք, որոնք բծախնդիր չեն լեզուի մաքրութեան, կրնան թէ՛ իրենց կատուին, թէ՛ նոյնիսկ շան հետ մաքուր հայերէնով չխօսիլ: Վրաս մի՛ խնդաք. որովհետեւ կը վախնամ, որ կատուին ընդմէջէն, ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանն է, որ կը կարդայ գրածս:

Հիմա պիտի ըսէք, որ այս օրերուն, երբ ամբողջ լեզուին գոյութիւնը վտանգի տակ է, քիչ մը անիմաստ է ըրածս: Բայց «ձեռքս չէ»` ըստ ժողովրդական ասացուածքին: Երբեմն նոյնիսկ պատկերասփիւռի հայկական ծրագիրներու ատեն բարձրաձայն կը սրբագրեմ խօսնակի մը կամ զրուցավարի մը անուշադիր մէկ սխալը: Ֆրանսերէնով ասոր կ՛ըսեն «ասպարէզի վարժութիւն»:

Փիսոն աչքերը լայն-լայն բացած եւ նայուածքը ինծի սեւեռած` կը նայի: Կարծեմ ըսել կ՛ուզէ. «Ի՞նչ է` ծոյլ-ծոյլ նստեր ես. բան մը գրէ՛ նայինք: Շուտով  Թարգմանչաց տօնը կու գայ»: Փիսոյին այս թելադրութիւնը շատ սուղ նստաւ վրաս: Պատճառ մը չունէի չգրելու. բայց ծուլութիւնը երբեմն հաճելի է: Դժբախտաբար, սակայն, ինչպէ՞ս բացատրէի փիսոյին: Ինք ըսելիքը ըսաւ ու գնաց: Հիմա ես պէտք է մտածեմ… մտածե՜մ… մտածե՜մ: Ինչո՞ւ այսքան երկար կը մտածեմ: Որովհետեւ ի՛նչ ալ ըսեմ, ժամանակավրէպ պիտի ըլլայ: Որովհետեւ գիտենք, որ խօսակցական հայերէնը մահամերձ է, իսկ գրական հայերէնը` ո՞ւր է … ո՞ւր է. կը փնտռեմ, կը փնտռեմ` չեմ գտներ: Եւ շատ դժուար է գրեթէ գոյութիւն չունեցող բանի մը մասին գրել: Պէտք կ՛ըլլայ երեւակայութեանս ապաւինիլ, որուն արդիւնքը չի կրնար շատ վաւերական ըլլալ:

Թարգմանչաց տօնին պէտք է որ մեր հրաշալի թարգմանիչները ոգեկոչենք: Ատոր փոխարէն` արդարացի պատճառ մը, քաւութեան նոխազ մը կը փնտռենք մեր այս վիճակին համար: Այն օրերուն, երբ տակաւին յոյսով կ՛ապրէինք, կարելի կ՛ըլլար լորձնաշուրթն փառաբանել զանոնք` թարգմանիչները: Իսկ այսօր, թէեւ տակաւին, փառք Աստուծոյ, վերջնական կերպով չենք կորսնցուցած մեր մեծ գանձը, դարձեալ պիտի փառաբանեմ զանոնք իրենց այս մեծ պարգեւին համար: Պիտի փառաբանեմ, պիտի  փառաբանենք, որովհետեւ մենք ապերախտներ չենք: Որովհետեւ գիտենք յարգել մեր «նուիրատուները»: Իսկ մենք փոխադարձ ի՞նչ կու տանք անոնց: Ոչի՞նչ: Ամօ՜թ մեզի:

Ինքնախարազանումը մեզ կ՛արդարացնէ՞ արդեօք:

Խօսակցական եւ գրական հայերէններուն համար աղաւաղումները ներելի՞ են արդեօք: «Մեր դարը այսպէս է» ըսելով` հանգստանալ չ՛ըլլար: Որովհետեւ մենք կը գտնուինք զառիվարի մը վրայ եւ ակամայ թաւալ-գլոր դէպի անդունդ կ՛երթանք: Կամայ-ակամայ կը յիշենք հետեւեալ խօսքը. ԱՌԱՆՑ ԼԵԶՈՒԻ` ԱԶԳ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԳՈՅԱՏԵՒԵԼ: Պէտք է պահել զայն, գուրգուրալ անոր վրայ: Հայերէնի կորուստով  ինքնասպանութիւն գործած կ՛ըլլանք, եւ ինքնասպանութիւնը մեծ մեղք է` կ՛ըսեն: Ինքնասպանը նոյնիսկ չի թաղուիր: Ուրեմն, պէտք է այդ դիակը մեզի հետ պտտցնենք քաղաքէ քաղաք, երկրէ երկիր, թերեւս լուսաւոր օր մը` մինչեւ հայրենիք, ուր… արդէն կայ նման ուրիշ դիակ մը: Հրաշք մը պէտք է զանոնք վերակենդանացնելու համար: Արդեօք զանոնք մեր տանիքներուն վրայ դնենք եւ սպասե՞նք, որ յարալէզները գան եւ լզեն անոնց վէրքերը…

Ինչպէս որ քանի մը անգամ ըսեր եմ քեզի, սիրելի ընթերցող,  ներկայիս կը կարդամ բոլոր հին պարբերականները, զորս հայրս ժառանգ ձգած է ինծի (որուն համար յաւիտեան երախտապարտ պիտի մնամ իրեն): Ինծի համար ամէնէն հետաքրքրականը կարդալն է այն պարբերականները, որոնք հրատարակուած են Հայաստանի առաջին անկախութեան օրերուն եւ անկէ  անմիջապէս ետք, հայրենիքի խորհրդայնացման յաջորդող օրերուն եւ անկէ ետք` քանի մը տարիներուն:

Ես զանոնք շատ հետաքրքրական կը գտնեմ. ինչո՞ւ:

Որովհետեւ անոնք լեցուն են գրութիւններով` ստորագրուած այդ տարիներու մեր պետական մարդոց կողմէ, օրինակ` Արամ, Յ. Քաջազնունի, Սիմոն Վրացեան, Լեւոն Շանթ, Աւետիս Ահարոնեան, Վահան Նաւասարդեան, Գուրգէն Մխիթարեան, Նժդեհ, Վիգէն Գլակ, Միքայէլ Վարանդեան, Արմէն Գարօ, Ռուբէն, Ռուբէն Դարբինեան եւ կարգ մը այլ մտածողներ: Եւ` այնպիսի մանրամասնութիւններով, որ կարծես անդի աշխարհէն կը խօսին հետս:

1923-ի «Հայրենիք» ամսագիրի առաջին տարուան երկրորդ թիւին մէջ կը կարդանք Լեւոն Շանթի «Ի՞նչ է ազգութիւնը» խորագրով ուսումնասիրութիւնը:

Նաեւ` Յ. Քաջազնունիի գրութիւնը, խորագրուած «Ազգ եւ հայրենիք», որ նմանապէս գիտական ուսումնասիրութիւն մըն է: Այս երկար գրութիւնները կը կարդամ պարզապէս ճշգրիտ եւ կարճ սահմանում մը գտնելու համար «ազգ» գոյականին:

Լեւոն Շանթ, բաւական երկար մասնագիտական ուսումնասիրութենէ մը  ետք, առաջին թիւին մէջ կ՛ուզէ լաւ եւ տրամաբանական մէկ տողի մէջ սահմանել «ազգ» բառը: Սակայն դժուար կ՛ըլլայ այդ սահմանումը գտնել: Թափառելով այլազան բնագաւառներու մէջ Շանթ հարց կու տայ ինքնիրեն, թէ ի՞նչ է ազգութիւնը: Ան կը սկսի խորհրդածել ատոր մասին եւ, առաջին հերթին, կը բախի ՑԵՂ բառին: «Ինչո՞վ է, որ ժողովուրդ մը ուրիշ ժողովուրդներէն կը զանազանուի եւ ինչո՞վ է, որ ընդհակառակը, նոյն ժողովուրդի անդամները կապուած են իրարու: Բնականաբար ամէնէն առաջ ծագումը, արեան կապը, նոյն նախահայրերէն առաջացած ըլլալը, ցեղը: Ընտանիքն ու ազգակցութիւնը ամէնէն նախնական եւ բնական կապն է մարդոց մէջ»:

Ցեղէն ետք` ՏԵՂԸ: Այսինքն` աշխարհագրական գործօնը: «Ժողովուրդի մը ապրած տեղի դիրքը, բարձրութիւնը, գօտին, լեռներու սիսթեմը, ջրային աւազանները, կլիման եւ ուրիշ բազմաթիւ աշխարհագրական յատկութիւնները հիմնական կարեւորութիւն ունին…: Ժողովուրդի մը ֆիզիքական ու հոգեկան կազմը»:

«Նախորդ երեք պայմաններէն  աւելի շօշափելի է գուցէ  պատմութեան դերը ժողովուրդի մը ուրոյնացման վրայ»: Սակայն, այս հաստատումը կը կիրարկուի «պատմութիւնը գիտցողներուն միայն»:

Շանթ կը շարունակէ. «Ուրեմն այս չորս կէտերէն եւ ո՛չ մէկը չի կրնար առանձնացնել ժողովուրդ մը միւս ժողովուրդներէն եւ ո՛չ ալ ընդգրկել ամբողջ ժողովուրդ մը ինքն իր մէջ, ո՛չ ծագումը, ո՛չ հայրենիքը, ո՛չ ֆիզիքական ու հոգեկան  կազմը, ո՛չ ալ անցեալը: Սակայն այդ չորսն են ժողովուրդի մը գոյացման, ժողովուրդի մը որոշ ուղղութեամբ զարգացման,  ժողովուրդի մը իր յատուկ կերպարանքն ստանալուն  ամենաէական գործօնները, ծնող, առաջացնող պատճառները, ժողովուրդներու յատկորոշման հիմնական պայմանները»: Նաեւ` կենցաղը: «Բազմաթիւ մանր ու խոշոր առանձնայատկութիւններ ունի իր մէջ ժողովուրդի մը կենցաղը , այսինքն` վարած առօրեայ կեանքը, աշխատանքը, աշխատելու եղանակը, ապրուստն ու կապուստը, նիստ ու կացը, կարգն ու կանոնը, վարքն ու բարքը, սովորութիւնները, կրթութիւնը»:

«Ժողովուրդի մը կենցաղին մէկ մասն է  իր հանրային գործերը վարելու, ընդհանուրի տնտեսութիւնը ղեկավարելու, ամբողջութեան պէտքերը հոգալու, տնօրինելու, ինչպէս եւ կարգ ու կանոնին հսկելու ու կառավարելու եղանակը»: Այստեղ կը հասնինք պետութեան գաղափարին: «Ամէն ժողովուրդ իր ցեղին, իր տեղին, իր պատմութեանն ու իր կազմին համեմատ կը ձեւէ իր պետութիւնը, կամ կը յարմարցնէ իր կազմին, եթէ հագուստը պատրաստ է գնուած»:

Հապա՞ կրօնը: «Կրօնը ժողովուրդի մը ըմբռնումն է ու հաւատքը շրջապատող բնութեան դեռ եւս չբացատրած ուժերու ծագման ու բնութեան մասին, մասնաւորապէս մարդկային հոգիի էութեան, ծագման ու ապագայի մասին, ընկերական փոխադարձ յարաբերութիւններու ժամանակ մարդոց ներքին պարտաւորութիւններու մասին, եւ այս բոլորը եւ ամբողջ տիեզերքը ղեկավարող վերին սկզբնական էակի մը կամ էակներու գոյութեան մասին»:

Կը մնայ մշակոյթի մասը, գիտութիւնն ու գեղարուեստը, որոնք արդիւնք են մեր ներքինը ձեւակերպելու, մեր ներքինը արտայայտելու բնական պահանջին, հետեւաբար խիստ անձնական են:

Եւ կը հասնինք ԼԵԶՈՒԻՆ: Շանթ կ՛ըսէ նոյն թիւին մէջ. «Լեզուն մշտական հաղորդակցութեան միջոցն է ժողովուրդի մը անհատներուն ու մասերուն մէջ, որով եւ` ամէնքը իրարու կապող ամէնէն զգալի ու բնական կապը: Լեզուն ինքը կապուած է ժողովուրդի մը կրօնին ու պաշտամունքին, որով ունի հանրային սրբացում մը»:

Լեզուն է, որ ժողովուրդի մը նկարագիր կու տայ: Իր ներքինը արտայայտելու միակ միջոցն է, հետեւաբար` էական:

Այս մէկուն կը յաջորդէ այն միւսը` Յ. Քաջազնունիի «Ազգ եւ հայրենիք»ը, որ նոյնպէս գիտական հիմքերու վրայ գրուած եւ աւելի ամբողջական է:

Երբ կը մտածեմ, թէ այս յօդուածագիրները իրենց մօտիկ անցեալին ծաւալած են յեղափոխականի կեանք մը, ապա ստեղծած են անկախութիւն, պետութիւն, որ իրենց համար բոլորովին նորութիւն էր, կը զարմանամ եւ կը հիանամ: Այս նուիրեալները նաեւ ստեղծեցին գեղարուեստական գրականութիւն, պարբերական մամուլ, եւ նոր կեանքին առընթեր, գրեցին երկար… երկա՜ր… երկար բացատրականներով ժողովուրդին դաստիարակութեան համար, քիչ մըն ալ` շատ քիչ` հաճոյքին:

Քաջազնունիի գրութեան սկիզբը կայ նախաբան մը, որ համեստօրէն հետեւեալ պարբերութեամբ կը բանայ զայն. «Մի նոր գիտական հետազօտութիւն չէ այս գրուածքը, ոչ իսկ` գոյութիւն ունեցող հետազօտութիւնների ամփոփում: Ինքնուրոյն հետազօտութիւն կատարելու համար հեղինակին պակասում է հարկաւոր գիտական պաշարը, իսկ ամփոփումներ անելու համար նա չունի բաւականաչափ ծանօթութիւն խնդրին վերաբերուող ընդարձակ գրականութեան: Մի պարզ զրոյց է սա, կէս  գրագէտ մարդու զրոյց: («Հայրենիք» ամսագիր, 1923 մայիս, թիւ 7)»:

Այսուհանդերձ, հեղինակը «ա-ռանց վախի ու առանց տատանումների», ընթերցողին կը յայտնէ, թէ` «մի քիչ կարդացածի, մի քիչ դիտածի ու շատ մտածածի արդիւնքն է այս գրուածքը»: Եւ վստահ է, որ իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ, գրուածքը անպայման օգտակար կ՛ըլլայ հայ ընթերցողին:

Քաջազնունի գրութիւնը կը սկսի պարզ հարցումով մը. «Ի՞նչ է ազգը»: Եւ այնուհետեւ հարցումին կը փորձէ պատասխանել. «Մեզ թւում է, թէ շատ լաւ հասկանում ենք այդ ամենասովորական բառը: Եւ թւում է այդպէս հէ՛նց այն պատճառով, որ սովորական է այն: Մեր ականջը մանկութիւնից  վարժուել է բառին, այնքան է վարժուել, որ նա այլեւս չի գրաւում մեր ուշադրութիւնը, չի արթնացնում կասկածող, որոնող եւ քննող միտքը»:

«Ազգը այնպիսի հաւաքական միութիւն է, որի անդամները` ազգը կազմող մարդիկ, կապուած են միմիանց հետ արիւնակցական, ազգակցական կապերով, սերունդ են ընդհանուր նախահայրերի: Ուրիշ խօսքով` բազմացած ընտանիք է, աւելի կամ պակաս հեռաւոր ազգականների միութիւն»:

Հեղինակը կ՛ըսէ նաեւ. «Դժուար չէ նկատել, որ այստեղ «ազգ» գաղափարը պարզապէս շփոթւում է «ցեղ» կամ «տոհմ» գաղափարի հետ»: Քիչ մը անդին, խօսելով պատմութենէն, ան կը յայտնէ, որ Քրիստոսի ծնունդէն վեց դար առաջ, հեռու Արեւմուտքէն, պալքանեան թերակղզիէն եւ Փռիւգիայէն Ուրարտու աշխարհ եկած է արիական ցեղի մարդկային մեծ հոսանք մը, նուաճած է երկիրը, նստեր հոն,  ու խառնուեր բնիկների հետ: Ահա այս յաբէթական (քաղդէական) ու  արիական ցեղերու պատկանող ժողովուրդներու խառնուրդն է, որ մեր պատմութեան նախօրեակին, հիմը դրած է ապագայ հայ ազգին:

«Եւ այսօր ցեղային կազմը, ինքնըստինքեան, չի կարող բացատրել «ազգի» էութիւնը եւ, առաւել եւս, չի կարող սահմանել «ազգ» գաղափարը»: Եւ Քաջազնունի կը յանգի հետեւեալ եզրակացութեան. «Ցեղը ազգ չէ եւ ոչ էլ ազգը` ցեղ»:

Եւրոպական լեզուներու մէջ յաճախ «ազգ» բառին կը տրուի պետական իմաստ: Բայց պետութեան մը մէջ կ՛ապրին զանազան ազգերու զաւակներ: Կը տեսնենք, թէ «ազգ» բառը սահմանելու համար հեղինակը միշտ կը բախի դժուարութիւններու: Երկրորդ եզրակացութիւն. «Ազգը պետութիւն չէ, ոչ ալ պետութիւնը` ազգ»:

Եւ` «Տերրիտօրիան (երկիրը) չի բնորոշում ազգը»: Եւ պիտի չշփոթել  ժողովուրդն ու ազգաբնակութիւնը  «ազգի» հետ. սրանք տարբեր բաներ են: Կայ Կովկասի ազգաբնակութիւն, Մակեդոնիայի ազգաբնակութիւն, բայց չկայ կովկասեան ազգ, մակեդոնեան ազգ»:

Նաեւ` «Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ազգը ճանաչւում էր իբրեւ կրօնական համայնք եւ տաճկահայերի «ազգային» անուանուած սահամանադրութիւնը իրօք ազգային չէ, այլ` դաւանական, ինչպէս եւ «ազգային» անուանուած իշխանութիւնները իրօք ազգային չեն, այլ` կրօնական-եկեղեցական (ապացոյց` լուսաւորչական ու ոչ լուսաւորչական ունեն տարբեր սահմանադրութիւններ ու  տարբեր իշխանութիւններ)»:

Օսմանեան կայսրութեան մէջ «ազգ»ը կը կոչուէր «միլլեթ», որ կրօնական համայնքն է: Ասոնց կողքին կային կաթոլիկ միլլեթը եւ բողոքական (աւետարանական) միլլեթը: Այս վերջին երկուքը, հակառակ որ անունով չէին պատկաներ հայ միլլեթին, ի վերջոյ ունեցան նոյն վախճանը:

Քաջազնունի կը գրէ. «Յիշում եմ` դատարանում, դատաւորի հարցին, թէ հա՞յ ես, վկայ, գիւղացին պատասխանեց. ոչ, աղա, Ֆրանկ եմ: Այս գիւղացու հասկացութեամբը կաթոլիկ հայը հայ չէ, ֆրանկ է (ֆրանսացի): Եւ այս սխալը շատ է տարածուած մեր գիւղերի մէջ: Հայը սիրում է իրան անուանել «հայ քրիստոնեայ: Եւ «քրիստոնեայ» ասելով` լուսաւորչական հայը բաժանում է իրան ոչ միայն մահմետականներից կամ հրեաներից, այլ նաեւ` քրիստոնեայ կաթոլիկներից, քրիստոնեայ բողոքականներից»:

Այստեղ պէտք չունինք շատ ետ երթալու: Ես նոյնիսկ կը յիշեմ, որ Հալէպի մէջ երիտասարդ աղջիկ մը նշանուած էր հայ կաթոլիկ երիտասարդի մը հետ, եւ ժողովուրդը կ՛ըսէր. «Շատ լաւ տղայ է, բայց հայ չէ»: Ըսել կ՛ուզէին, հայ լուսաւորչական չէ (կամ առաքելական հայ չէ): Այս բոլորին եզրակացութիւնը հետեւեալն է. «Ազգը կրօնական համայնք  չէ եւ կրօնական համայնքը ազգ չէ»:

Քաջազնունի կը շարունակէ. «Իմ մանկութեան ժամանակ «70-ական եւ 80-ական թուականներում ազգասիրական երգերի մէջ շարունակ ու միշտ կողք-կողքի երգւում էին «ազգը, կրօնն ու լեզուն»: Այն շրջանում սա մի տեսակ անբաժանելի երրորդութիւն էր, արթնացնող ազգային գիտակցութեան «հաւատամքը»: Հետագայում, երբ մի քիչ հասունացանք, ըմբոստացանք «կրօնի» դէմ, յայտարարեցինք այն`  յետադիմական տարր, վճռականօրէն դուրս ձգեցինք սրբազան երրորդութիւնից եւ աւելի եւս ծանրացանք «լեզուի» վրայ»:

Քիչ մը աւելի անդին` «Մի նոր գիւտ չէր, որ արել էինք մենք: Գիտնական մարդիկ վաղուց արդէն գլխի էին ընկել ու մատնանիշ արել լեզուն` իբրեւ ամենաէականը ազգային տարրերից: Ոչ միայն ամենաէականը, այլ գուցէ եւ` միակ էականը: Մինչ այն աստիճանի, որ եղել են մտածողներ, որոնք ամբողջովին նոյնացրել են «ազգը» «լեզուի» հետ»:

Յաջորդաբար պիտի կարդանք յօդուածագիրին կարգ մը եզրակացութիւնները, որոնց ան կը յանգի  զանազան բացատրութիւններէ ետք: Զանոնք պարզապէս պիտի թուեմ` խուսափելու համար երկարաբանութիւններէ:

«Ազգը լեզու է, ազգային միութիւնը` լեզուային միութիւն: Միեւնոյն լեզուով խօսող մարդիկ են, որ կազմում են «ազգ» կոչուած հաւաքականութիւնը»:

. . .

«Այս հասկացողութիւնը, որ մօտաւորապէս շեշտւում է նոր հետազօտողների կողմից, գոյութիւն ունէր դեռ շատ հին ժամանակներում»:

. . .

«Լեզուն էր, որ միացնում էր մարդկանց: Լեզուներն էին, որ բաժանեցին մարդկութիւնը»:

«Ռուսական հին ժամանակագրողները յաճախ «ազգ» բառի փոխարէն գործ են ածել «լեզու» բառը: Այսպէս, օրինակ, «եւ զինուեցան Սուրբ Ռուսիայի դէմ, եկան հրով ու սրով տասներկու լեզուներ»: Պարզ է որ լեզուները չէին, որ զինուեցան եւ յարձակեցան Ռուսիոյ վրայ, այլ` այդ տասներկու տարբեր լեզուներ խօսող տասներկու տարբեր ազգերը:

«Ազգը պատմական անցեալն է, մի ուրոյն կաղապար, որի մէջ ձուլուել է եւ ձեւաւորուել դարերի կեանքը»:

Վերոյիշեալ բոլոր բացատրութիւնները, առանձին-առանձին, չեն կրնար տալ «ազգ»ին իմաստը, բայց միասին առած` կու տան անոր իմաստը: Ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ իւրաքանչիւրը այս բացատրութիւններէն բաղադրիչ մէկ տարրն է այդ ամբողջութեան: Մէկ տարրն էր: Այսօ՞ր: Այդքան վստահ չեմ: Նկատի առած` բոլոր փոփոխութիւնները ազգերու կեանքին մէջ:

Այստեղ արդէն կը զգանք ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՄԱՆ ծանր թաթը: Աշխարհի բնակչութեան մեծ մասը, սակայն, ուրախ է այս փոփոխութիւններով: Բայց ըսէք  ինծի: Ի՞նչ է տարբերութիւնը համաշխարհայնացման եւ համայնավարացման  միջեւ: Համաշխարհայնացումը մէկ քաղաքակիրթ ձեւն է համայնավարացման, որ գաղտնի ձեւով կը սողոսկի մեր մէջ` առանց ալիքներ յառաջացնելու: Ինչ որ չկրցաւ ընել համայնավարութիւնը, համաշխարհայնացումը պիտի կարենայ ընել առանց ցնցումներու, առանց բռնութեան եւ ընկերային բարւոք պայմաններու մէջ: «ՕՁԸ ԻՐ ԹԱՔՍՏՈՑԷՆ ՄԵՂՐՈՎ ԿԸ ՀԱՆԵՆ» խօսքը այստեղ կը գտնէ իր ամբողջ իմաստը:

Բայց տեսէք, թէ ի՛նչ պատահեցաւ: Մեր թարգմանիչներէն հասանք համայնավարութեան: Ներող եղէք:

Այս բոլորը ըսի պարզապէս հիմնաւորելու համար,  որ ԱԶԳԸ ԼԵԶՈՒՆ է. կամ, աւելի ճիշդը, «առանց լեզուի` ազգ գոյութիւն չունի:» Ես այս եզրակացութեան յանգեցայ, տրամաբանօրէն կամ ոչ. եւ կամ, այս հարցին մէջ կողմնակալ եմ եւ կ՛ուզեմ, որ «առանց լեզուի` ազգ չըլլայ»: Ատիկա պիտի նշանակէ, որ հարուստ մը իր բոլոր ոսկիներէն եւ ունեցուածքէն կամաւոր հրաժարի եւ իրեն վերապահէ միայն թիթեղն ու հարստութեան յիշատակը:

Իսկ հիմա պէտք է նոր սահմանում մը գտնել «ազգ» բառին: Այնքան բան փոխուած է հարիւր տարուան մէջ, որ վերոյիշեալ բոլոր բացատրութիւնները կը դառնան ժամանակավրէպ, նուազագոյնը մեր` հայերուս համար, որովհետեւ ոչինչ մնացած է նոյնը: Սփիւռքի բաժան-բաժան ըլլալը, գրական հայերէնի եւ բարբառներու խառնուիլը իրարու, մշակոյթ բառի զանազան մեկնաբանութիւնները, հայերէնի տակաւ նօսրացումը, օտար լեզուներու անարգել սողոսկումը մեր լեզուէն ներս եւ այլն, եւ այլն: Բայց այս բոլորը պատճառ չեն կրնար ըլլալ, որ մոռնանք ոգեկոչելու Թարգմանչաց տօնը, մեր այդ հարուստ մշակոյթը եւ մեր «ոսկեղնիկը»:

Եզրակացնելու համար ըսեմ հետեւեալը. այս բոլորէն ետք, երբ մէկը հարցնէ, թէ ո՞ր ազգին կը պատկանիս, թուրքերու հետեւողութեամբ պիտի ըսեմ. «ՓԱՌՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ, ՈՐ ՀԱՅ ԵՄ»: Եւ ասիկա պիտի ըլլայ իմ բաժինս` ոգեկոչելու համար Թարգմանչաց տօնը եւ Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ կաթողիկոսը, Եղիշէն, Ղազար Փարպեցին, Եզնիկը` մեր առաջին փիլիսոփան, եւ ուրիշներ:

Այդ պահուն դարձայ գեղեցիկ կատուիս` Ռինկոյին  եւ ըսի. «Հիմա գո՞հ ես»: Կռնակը դարձուց ինծի եւ ըսաւ. «Է՛հ…»:

Լոս Անճելըս
Սեպտեմբեր 2011

Share this Article
CATEGORIES