ՏԵՍԱԿԷՏ. ՍԱՐՔՈԶԻԻ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՔԱՅԼԸ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Երկօրեայ պետական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի հինգշաբթի օր այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող, ուր ծաղիկներ զետեղեց: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մօտ լրագրողներուն հետ ունեցած իր կարճատեւ, սակայն լաւապէս կանխամտածուած զրոյցին ընթացքին ան յայտարարեց, որ «եթէ մինչեւ տարեվերջ Թուրքիա չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա պիտի դիմենք ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման»:

Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսայի ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութեան 2012-ի նախագահական ընտրութեան թեկնածուներէն եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իր զօրակցութեամբ ծանօթ Ֆրանսուա Հոլլանտ խոստացած էր Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վերստին բերել Ֆրանսայի ծերակոյտին օրակարգին վրայ: Յիշենք, որ  ընկերվարականները վերջերս ծերակոյտին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւնը ապահովեցին: Հարցախոյզերուն մէջ յառաջատար դիրք գրաւող Հոլլանտի այս քայլը անհանգստացուց Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժման իշխող կուսակցութիւնը, որ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ֆրանսահայերը զգուշացուց «ընկերվարականներուն ծուղակը» իյնալէ:

Անոնց այս յայտարարութիւնը հազիւ թէ ազդէ Հոլլանտի թեկնածութեան զօրակցութիւն յայտնած ֆրանսահայութեան կողմնորոշումին վրայ, մանաւանդ որ նախագահ Սարքոզիի միջամտութեամբ էր, որ մայիս 2011-ին ծերակոյտին մէջ նշեալ օրինագիծի վաւերացումը ձախողութեան մատնուած էր: Այդ յայտարարութիւնը պարզապէս Հոլլանտէն քանի մը քուէ «գողնալու» փորձ մըն էր` անբաւարար քայլ մը: Սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել Ծիծեռնակաբերդի մէջ Սարքոզիի կատարած վարպետի հարուածին մասին:

Սարքոզի Ծիծեռնակաբերդի մէջ կատարած իր յայտարարութիւնը «սեղանը շրջող» նախաձեռնութիւն մըն է, որ վստահաբար նեղութեան պիտի մատնէ ծերակոյտին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն եղող Ընկերվարական կուսակցութիւնը, որ տարեվերջին, (իմա` 2012-ի նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին) ինքզինք պիտի գտնէ դժուար երկընտրանքի մը առջեւ. ծերակոյտին ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան փաստը քրէականացնող օրինագիծը վաւերացնելով այդ ձեռքբերումին դափնին Սարքոզիի՞ յանձնել, թէ՞ զայն մերժելով յաչս ֆրանսահայութեան Հոլլանտի հաւաստիութիւնն ու բարի համբաւը քանդել:

Ասիկա ընկերվարականներուն համար ի սկզբանէ կորսուած ճակատամարտ մըն է: Անոնց միակ ընտրանքն է Հայոց ցեղասպանութեան օրինագիծը վաւերացնել եւ յուսալ, որ Հոլլանտի թեկնածութեան նկատմամբ եւ այդ օրինագիծին որդեգրումով պայմանաւորուած յանձնառութիւն ստանձնած ֆրանսահայութենէն նկատառելի թիւ մը, օրէնքի վաւերացման լոյսին տակ, ինքզինք այդ յանձնառութենէն ազատ կացուցուած չնկատէ եւ ընտրութեան օրը քուէարկէ ի նպաստ Ֆրանսուա Հոլլանտի: Շափօ՜ պարոն Սարքոզի:

 

Share this Article
CATEGORIES