«ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՎԱՀԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԻՍՐԱՅԷԼԸ» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՆԵԹԱ
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովէն ետք յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային վահանը պիտի պաշտպանէ Իսրայէլը, որովհետեւ «Միջին Արեւելքի դէմ Իրանէն արձակուած հրթիռները թիրախ կը դարձնէ»:
Փանեթա յայտնեց, որ Իսրայէլ այդ վահանին հաւաքած տեղեկութիւնները պիտի չստանայ` աւելցնելով, որ այդ տեղեկութիւնները ՕԹԱՆ-ի անդամներուն պիտի տրամադրուին:
CATEGORIES Միջազգային

