50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)
ԿԱՐԵՒՈՐ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ
Միացեալ Նահանգներու Մետիսըն քաղաքի Ուիսքանսըն դրամատան մէջ հաստատուած է մասնաւոր մեքենայ մը, որ ելեկտրական շատ զօրաւոր հոսանք կը փոխանցէ դրամատան դրամարկղերու պատերուն` այսպէսով բոլորովին անկարելի դարձնելով գողութեան վտանգը:
*
Վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ հրապարակ ելած է «Մետիքոֆոն» անունով բժշկական պարբերաթերթ մը, որուն ամէն մէկ թիւին մէջ ձայնասփիւռի սկաւառակներ կան:
*
Տատիոյի մահարաճան ունի թանկարժէք քարերով զարդարուն 3200 մատանիներ:
*
Անգլիական թերթ մը առաջարկած է յուշարձան մը կանգնել «հարկատու քաղաքացի»ին համար:
*
Անցեալ տարուան ընթացքին, ամերիկեան պատկերասփիւռին կողմէ հեռարձակուած օդերեւութաբանական 365 նախատեսութիւններէն 150-ը ճիշդ չեն ելած:
*
Պաւարիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով, զբօսաշրջիկներուն համար, պատրաստուած է բողոքական շարժական եկեղեցի մը, որ ունի հարիւր հոգինոց շարժական սրահ մըն ալ:
*
Անգլիոյ մէջ, աշխատանքի ժամերուն, ամէն օր յիսուն միլիոն գաւաթ թէյ կը սպառի: Բազմաթիւ գործարաններու մէջ, առաւօտ եւ կէսօրէ ետք, մէկ քանի վայրկեանի համար աշխատանքը կը դադրի, որպէսզի գործաւորները թէյ խմեն: Վիճակագրութեամբ հաստատուած է սակայն, որ թէյ խմելու համար վատնուած ժամանակը կը հաւասարակշռուի, որովհետեւ, թէյ խմելէ ետք գործաւորները աւելի եռանդով գործի կը փարին:
*
Պիրմանիոյ մէջ վերջերս պատահած ողողումներու պատճառով երկիրը լեցուած է թունաւոր օձերով: Մինչեւ հիմա իժերու եւ քոպրաներու կողմէ խայթուած մարդոց թիւը երկու հազարը անցած է: Միջազգային կարմիր խաչը երեք հազար շիճուկ ղրկած է Պիրմանիոյ աղէտեալներուն:
*
Վիճակագրութեան մը համաձայն, 68 միլիոն ամերիկացիներ կանոնաւոր կերպով ալքոլ կը գործածեն` տարեկան 47 միլիառ տոլար ծախսելով:
*
Շուէտի Քրիսթիանշթատ քաղաքին մէջ կ՛ապրի Թոմաս Սվենուն անունով պատանի մը, որուն ուղեղին մէջ հինգ տարիէ ի վեր գնդակ մը մխուած կը մնայ: Հակառակ ասոր, Թոմաս ոչ մէկ նեղութիւն կը զգայ եւ կը պարապի իր նախասիրութիւնը եղող ձկնորսութեամբ եւ որսորդութեամբ: Շատ մը բժիշկներ հրաշքի համազօր երեւոյթ նկատած են Թոմասի ապրիլը:
ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ
ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ
100 ՄԻԼԻՈՆ ՊԱՐՏՔ ՈՒՆԻ
Միացեալ ազգերու թշնամիներուն ուրախութիւն կը պատճառէ այն, որ միջազգային կազմակերպութիւնը ոչ միայն առաջնորդութիւն չունի, այլեւ գործնականին մէջ խորտակուած է:
«Միացեալ ազգերը այժմ կը գտնուին սնանկութեան առջեւ», յայտարարեց երէկ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Հաուըրտ Կրին:
Տակ Համարշեոլտի տեղ առժամեայ ընդհ. քարտուղար մը նշանակելու ջանքերը կը շարունակուին, եւ արդէն իսկ ելեւմտական ծանր կացութիւնը կ՛աւելնայ:
Համարշեոլտի մահը, սեպտեմբեր 18-ին, ներքնապէս կապ ունի Միացեալ ազգերու դրամական խնդիրներուն հետ:
Այն ատեն, ինչպէս այսօր, համաշխարհային կազմակերպութիւնը 100 միլիոնի պարտք մը ունի, մինչեւ դեկտեմբեր 31:
Սակայն Միացեալ ազգերու շուէտացի պետը վստահ էր, թէ կրնար այս պարտքը գոցել` խաղաղութիւն հաստատելով Քոնկոյի հարուստ գաւառին` Քաթանկայի մէջ:
Քոնկոյի կեդրոնական կառավարութիւնը կազմելով` Միացեալ ազգերը կրնային յուսալ կտրել իրենց 17.000-նոց բանակը` կէսի վերածելով զայն յունուարին եւ այսպէս, ամսական Քոնկոյի տրուած 10 միլիոն տոլարի պիւտճէն վերածել 6 միլիոնի:
Այս հաշուով է, որ Համըրշեոլտ կրակի դադրեցումը կ՛ուզէր Քաթանկայի հետ:
Ընդհանուր քարտուղարի մահով, Քոնկոյի տագնապը քաոսային կը մնայ: Ոչ մէկ յոյս կը տեսնուի, թէ ի՛նչ միջոցով պիւտճէն պիտի կրճատուի:
Բազմաթիւ երկիրներ իրենց բաժինը չեն վճարած այս տարի, Քոնկոյի 84 միլիոն տոլարի պիւտճէին մէջ:
Քանատա մէկն է այն 14 երկիրներէն, որոնք վճարած են իրենց պարտքը:
Միւս պետութիւններն են` Միացեալ Նահանգները, Աւստրալիա, Դանիա, Հնդկաստան, Իրլանտա, Հոլանտա, Լիպերիա, Նոր Զելանտա, Նորվեկիա, Թուրքիա, Բրիտանիա, Տահսմէյ եւ Փղոսկրեայ Ափունք ծովեզերեքը:
Մ. Նահանգները կէսը կը վճարեն Քոնկոյի ծախքերուն, թէեւ Միացեալ Ազգերուն սովորական ծախքերու 32 առ հարիւրը կը վճարեն:
Խորհրդային Միութիւնը ոչինչ վճարած է: Ոչ ալ` Ֆրանսա եւ Ազգայնական Չինաստան: