ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Քարվաճառի վերաբնակեցման աշխատանքներու ծիրին մէջ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը իր ներդումը ունեցաւ` Քարվաճառի դպրոցին նուիրելով համակարգչային սարքեր: Այսուհետեւ աշակերտները կարելիութիւնը պիտի ունենան օգտուելու համակարգիչներէն, որոնք տեղադրուած են դպրոցի համակարգիչներու դասարանին մէջ: Նման ներդում պիտի կատարուի նաեւ Քաշաթաղի Բերձոր քաղաքին մէջ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
6 հոկտեմբեր, 2011
CATEGORIES Անդրադարձ