ՄԱՀԱԵ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ. ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ

ՄԱՀԱԵ Միութեան Լիբանանի Կրթական խորհուրդը, ըստ տարիներու աւանդութեան, հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանի մշակութային շէնքի բակին մէջ գնահատական նուէրներով պարգեւատրեց Հայ աւետարանական վարժարաններու պրըվէի եւ պաքալորէայի քննութեան լաւ եւ շատ լաւ յիշատակութեամբ յաջողած աշակերտները:

Երեկոն սկսաւ Կրթական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Արտա Էքմեքճիի բարի գալուստի ջերմ խօսքերով: Ան յատկապէս շեշտեց Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին զուգադիպող աշակերտական այս յաղթանակը: Բացման աղօթքը կատարեց պատ. Հրայր Չոլաքեան, որ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ բարեբեր կրթական տարեշրջան մը եւս բոլորած են` շնորհիւ կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու նուիրումին:

Ապա բեմ բարձրացաւ ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, որ փոխանցեց իր շինիչ խօսքը: Ան խօսքը ուղղեց յատկապէս մեծ թիւով ներկայ աշակերտներուն եւ ընդգծեց երեք կարեւոր կէտեր. ա. յաջողութեան չմօտենալ մակերեսային կերպով, բ. յաջողութեան կը յաջորդէ պատասխանատուութիւնը, գ. իսկ այս բոլորին մէջ առաջին փառքը կ՛երթայ Աստուծոյ:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Ասմունքեցին Սարին Էքմեքճեանը (Վ. Դաւթեան` «Թէ հրաշքով»), Հրակ Աւետանեան (Պ. Սեւակ «Մենք քիչ ենք…»): Կոմիտասի «Հոյ նազան»ը նուագեցին Արին Պաղտոյեան (ջութակ), Կարին Հայտոսթեան (ջութակ), Շուշան Արթինեան (թաւջութակ):

Լիբանանի Կրթական խորհուրդի գործավար Ռոզեթ Ալեմեան-Մահսերեճեան կարդաց հայ աւետարանական վարժարաններուն մէջ, պրըվէի եւ պաքալորէայի քննութեանց յաջողած աշակերտներուն անունները, որոնք ստացան խորհրդանշական նուէրներ, իսկ յիշատակութեան արժանիները ստացան յուշապնակներ: Անոնք են.-

Պրըվէի յաջողածներ`
Աճեմեան Վանայ (լաւ), Պաղիկեան Իզապել (լաւ), Պերեճիքլեան Բալիկ (լաւ), Էքմեքճեան Սարին (շատ լաւ), Մեղրի Պաղտոյեան (լաւ), Տեմիրճեան Արազ (շատ լաւ):

Պաքալորէայի յաջողածներ`
Տէօվլեթեան Յովսէփ (լաւ), Մելիքեան Աստղիկ (լաւ), Մխսեան Նժդեհ (շատ լաւ):

Յատուկ յուշապնակներ ստացան`
Յակոբ Հարֆուշեան (լաւ), Այնթապլեան Լոռի (շատ լաւ):

Կարկանդակի հատումէն ետք, երեկոն շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ: Կրթական մշակներ, ծնողներ եւ աշակերտներ զիրար կը շնորհաւորէին եւ բարեմաղթութիւններ կը կատարէին գալիքի կապակցութեամբ:

Վարձքը կատար բոլորին:

Share this Article
CATEGORIES