ՆԱՄԱԿԱՆԻ
«Հայաստանի Հանրապետութիւն – սփիւռք գործակցութիւն, երէկ, այսօր եւ վաղ»ը նիւթով գիտաժողովի կայացումը, սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու թեմային շուրջ զանազան յօդուածները , վերջերս «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսած «փան Արմինիան» կայքէջի վրայ տեղադրուած «Ո՞վ է մեղաւոր, որ տոմսերը թանկ են, «Զուարթնո՞ց»ը, թէ՞ «Արմաւիա»ն» յօդուածը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման 20-րդ տարեդարձի պարտաւորեցնող պատասխանատուութիւնը կը մղեն մեզ` մեր կարգին վերարծարծելու վերոնշեալ հաւաքներու ընթացքին եւ յօդուածներուն մէջ տեղ գտած զանազան հարցերը, ինչպէս նաեւ` խօսելու այլ մտահոգութիւններու մասին, որոնց ականատես եղած ենք Հայաստանեան պետական թէ այլ հաստատութիւններու եւ ծառայութիւններու հետ ունեցած մեր յարաբերութիւններուն ընթացքին: Յստակ այն համոզումով, որ այս բոլորը կ՛ընկալուին միա՛յն որպէս առողջ եւ դրական դիտողութիւն, աւելի պայծառ ապագայի մը սպասումով:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կայքէջին վրայ կը կարդանք, թէ Պէյրութի մէջ կայացած գիտաժողովի ընթացքին արծարծուած են զանազան հարցեր, ինչպէս` մէկ ուղղագրութիւն դասաւանդելու կարեւորութիւն, երկքաղաքացիութեան դիմողներու համար աւելի դիւրին պայմաններու ստեղծում, հայ ժողովուրդի առաջնորդներու եւ մասնագէտներու պատրաստութիւն, օդանաւային տոմսերու սակերու նուազեցման եւ արտագաղթի դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւն եւ այլն…:
Այս բոլոր մտահոգութիւններուն կողքին կ՛ուզենք մատնանշել նաեւ այլ թերի եւ տհաճ երեւոյթ մը, որն է` հայաստանեան պետական կառոյցներու մէջ գործող եւ ծառայող պետական պաշտօնեաներու եւ անձնակազմի որոշ անդամներու յաճախ կոշտ եւ ո՛չ արհեստավարժ վարուելակերպը իրենց դիմող հայորդիներու նկատմամբ: Անշուշտ կարելի չէ այս հարցը ընդհանրացնել:
Ուսուցիչներ եւ առաջնորդներ վերաորակաւորելու եւ արժեւորելու աշխատանքներուն համընթաց, պէտք է վերաորակաւորուին նաեւ մեր պետական կառոյցներու պաշտօնէութիւնն ու անձնակազմի անդամները: Պետութիւն մը ներկայացնող պաշտօնական անձնակազմ մը, որուն մօտ յաճախ կը բացակայի պարզ հարցումի մը պատասխանելու նուազագոյն պատրաստակամութիւնը, ուր չի պահուիր նուազագոյն քաղաքավարութիւնը պահանջող պատշաճ վերաբերում մը, ուր դիմող անհատը յուզող հարցերուն յստակ պատասխաններ չկան, ժխտական մթնոլորտ մը կը պարզեն առաջին անգամ նման փորձառութիւն ունեցող անհատին համար:
Կարծես տակաւին կը շարունակուի խորհրդային կարգերը յիշեցնող անհանդուրժողականութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ կարեւոր երեւոյթի մը, կ՛ուզենք կրկին անդրադառնալ օդանաւային տոմսերու սակերու ահաւոր մագլցումին, երբ Պէյրութ-Երեւան թռիչքը կը հասնի 700-750 տոլարի: Մէկ ու կէս ժամուան թռիչքի մը համար ծիծաղելի այս գինը վճարելով հանդերձ, չեն յարգուիր թռիչքներու ժամերը, չեն հասնիր պայուսակները եւ այլն, եւ այլն:Տակաւին չենք խօսիր «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան կողմէ կիրարկուող խաղերուն եւ կեղծիքներուն մասին, երբ ապահովուած տոմս մը յանկարծ կը ջնջուի շատ աւելի սուղ գինով վաճառուելու համար:
Կը խնդրենք եւ իսկապէս կը յուսանք, որ նկատի առնուին մեր այս նկատողութիւնները: Այլապէս, այս ձեւով շարունակուելու պարագային, Հայաստան ճամբորդութիւնը կը դառնայ միայն որոշ խաւի մը սեփականութիւնը:
Ո՞ւր կը մնայ պետութեան «Արի տուն» կանչը: Արդեօ՞ք այդ ալ կը մնայ սահմանուած յատուկ դասակարգի մը:
Ա.Գ.
Ս.Տ.

