ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ԱՐԻՒՆԱԼԻ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ` ՂՊՏԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԻՋԵՒ
Երէկ երեկոյեան Գահիրէի մէջ ղպտիներու եւ եգիպտական բանակին միջեւ տեղի ունեցան բուռն բախումներ, որոնց պատճառով կեդրոնական Գահիրէի «6 հոկտեմբեր»ի կամուրջէն Մասփիրօ երկարող շրջանը ամբողջութեամբ փակուեցաւ: Բախումները սկսան, երբ Սապթիէի շրջանի բնակիչներ քարկոծեցին ղպտիներու մէկ քայլարշաւը, իսկ անծանօթներ անոնց վրայ կրակ բացին:
Ըստ նախնական տուեալներուն, արձանագրուած է 22 զոհ եւ 183 վիրաւոր: Նշենք, որ երէկ Եգիպտոսի 4 նահանգներու մէջ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր` եկեղեցիներու վրայ կատարուած յարձակումներու դէմ:
CATEGORIES Միջազգային


