ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՅԱՑՈՒՑ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԻՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ

Ձախէն աջ` Ժան-Միշել Պայէ, Մարթին Օպրի, Մանուէլ Վալս, Ֆրանսուա Հոլլանտ, Առնօ Մոնթեպուրկ եւ Սեկոլեն Ռուայալ

Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութիւնը երէկ 2012-ի գարնան Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան համար իր թեկնածուի ընտրութիւնը կատարեց: Առաջին անգամ ըլլալով ձախակողմեան արժէքներու հաւատացող որեւէ քուէարկող իրաւունք ունէր մասնակցելու ընտրութեան: Իրարու դէմ կը մրցին` Ֆրանսուա Հոլլանտ, Սեկոլեն Ռուայալ, Մարթին Օպրի, Առնօ Մոնթեպուրկ, Մանուել Վալս եւ Ժան-Միշել Պայէ:

Քուէներուն 50 առ հարիւրը ապահովող թենկածուն կը դառնայ Ընկերվարական կուսակցութեան միացեալ թեկնածուն, եթէ մրցակիցներէն ոչ ոք ապահովէ այդ համեմատութիւնը` առաւելագոյն քուէները ապահոված երկու մրցակիցները յառաջիկայ շաբաթ իրարու դէմ կը մրցին:

Դրամական միջազգային ֆոնտի նախկին նախագահ Տոմինիք Սթրոս-Քանի ընտրապայքարէն քաշուելէն ետք, Ֆրանսուա Հոլլանտ առաւելագոյն ժողովրդականութիւն վայելողն է: Ըստ հարցախոյզերուն, ան պարտութեան պիտի մատնէ ներկայ նախագահ Նիքոլա Սարքոզին:

Ըստ նախնական տուեալներուն, Հոլլանտ ապահոված է քուէներուն 40 առ հարիւրը, Օպրի` 30 առ հարիւրը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք երկուքը յառաջիկայ կիրակի օր պիտի մրցին իրարու դէմ: Երէկուան քուէարկութեան մասնակցեցան շուրջ 2 միլիոն ֆրանսացիներ:

Share this Article
CATEGORIES