ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ

Աշխարհահռչակ երգիչ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Շարլ Ազնաւուր ամիս մը առաջ «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանի «Վիվըման Տիմանշ» հաղորդման ժամանակ խօսած էր  Ցեղասպանութիւն եզրին մասին եւ յայտնած  հետեւեալը.

«Անիկա բառ մըն է, որ կը  խանգարէ, որ ի վերջոյ զիս կը խանգարէ: Այն, ինչ որ հիմա կ՛ըսեմ, թերեւս որոշ հայեր ինծի դէմ կը տրամադրէ, բայց սարսափելի չէ: Եթէ իսկապէս թուրքերը  այնքան պարկեշտութիւն ունենան ըսելու, որ Ցեղասպանութիւն բառն է, որ զիրենք կը խանգարէ, մենք այլ բառ մը կը գտնենք, որպէսզի սահմանները բացուին, եւ որ թրքական կառավարութիւնը, չեմ ըսեր  թուրքերը, այլ թրքական կառավարութիւնը մտածէ մեզի հետ երկխօսութիւն սկսելու մասին»:

Օրին չկեդրոնացանք այս հարցազրոյցի խնդրայարոյց բովանդակութեան վրայ, որովհետեւ հերքումները չուշացան, իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը նախընտրեց  չմեկնաբանել իր դեսպանին կատարած հաստատումները:

Վերադարձանք յայտարարութեան այս բաժինին` տրուած ըլլալով, որ աշխարհահռչակ երգիչը գրեթէ միեւնոյն իմաստով վերահաստատում կը կատարէ այս անգամ Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող Նուվել տ՛Արմենի»ին եւ կ՛աւելցնէ. «Հայաստանը լուրջ վտանգի տակ է եւ բոլորը կեդրոնացած են  Ցեղասպանութիւն եզրին վրայ: Չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է  նման պայմաններու մէջ  Հայաստանը զարգացնել: Այդ տրամաբանութիւնը մեզ ո՞ւր պիտի հասցնէ»:

Հարցազրոյցը տակաւին բաժիններ ունի հայ-թուրք յարաբերութիւններուն եւ Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ: Կեդրոնանանք սակայն ցեղասպանութիւն եզրի շրջանցումի անհրաժեշտութիւնը ընդգծող Ազնաւուրի առաջարկին վրայ: Ամբողջ ըսուածին միտք բանին այն է, որ այդ բառէն հրաժարինք, եթէ խանգարիչ այդ եզրին պատճառով է, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կը մնայ փակ, տնտեսութիւնը չի զարգանար, արտագաղթը կ՛՛աճի, կամ այլ խօսքով` Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կայանար:

Ազնաւուրի պատկերացումով կարելի է համաձայնիլ ջարդեր կամ կոտորած կոչելու ամբողջ Ցեղասպանութիւնը,  պայմանաւ որ անմիջապէս սահմանը  բացուի, յարաբերութիւնները բնականոնանան, տնտեսութիւնը հզօրանայ եւ հանրապետութիւնը ամրակայուի: Տեղը չէ անշուշտ Ցեղասպանութիւն եզրին քաղաքական, իրաւական սահմանումները բացատրելու. պարզապէս նշենք ու անցնինք, որ Անգարայի կիրարկած նախապայմանային քաղաքականութիւնը այդ եզրին օգտագործումով կամ չօգտագործումով չի սահմանափակուիր:

Այս սիւնակին նպատակը քաղաքական հիմնաւորումներով ջրելը չէ Ազնաւուրի առաջ քշած տեսակէտները: Դժուար չէ տուեալներու հիման վրայ նման տեսութիւններ հակափաստարկելը: Այստեղ ուրիշ լուրջ խնդիր գոյութիւն ունի:

Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման, կայացման համար ինչպէս այլ անհրաժեշտութիւններ կարեւորագոյն խնդիր է նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը կիրարկող հմուտ դիւանագէտներու պատրաստութիւնը. այդ առումով ողջունելի է դիւանագիտական ակադեմիայի հաստատումը արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: Դիւանագիտութիւնը մասնագիտութիւն է եւ միայն համապատասխան պատրաստուածութեան տէր մարդն է, որ կրնայ ստանձնել դիւանագէտի բարձր պաշտօնը: Այլապէս, ոչ մասնագիտական, ոչ արհեստավարժ մօտեցումները հիմնովին կը հարուածեն արտաքին քաղաքականութիւնը եւ այդ ճամբով երկրի վարկն ու հեղինակութիւնը:

Յիշեցման կարգով` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը այսօր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթ խնդիրներէն է: Իսկ Ազնաւուր դեսպանի իր պաշտօնով այդ քաղաքականութիւնը իրականացնողներէն մէկն է: Սկզբունքով եւ դիւանագիտական օրէնքով: Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Էվընզը պաշտօնանկ եղաւ, որովհետեւ ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործած էր, ինչ որ համահունչ չէր իր պետութեան որդեգրած կեցուածքին: Մեր պետութիւնը ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնային օրակարգերէն կը համարէ: Իր դեսպանը չի կրնար այդ բառը փոխարինելու հրապարակային առաջարկներ կատարել:

Ազնաւուրը մեծ հայ է, աշխարհահռչակ երգիչ է, մեծ մարդասէր  է եւ անգնահատելի նպաստ բերած է մեր հայրենիքին ու հայութեան, յատկապէս երկրաշարժի օրերուն իր կատարած կոթողական աշխատանքներով: Ազնաւուրը սակայն դիւանագէտ չէ: Իսկ առաջին սխալը այս պարագային այդ պաշտօնին նշանակումն է: Ի վերջոյ պէտք չէ ստեղծել այնպիսի կացութիւններ, ուր արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը չկարենայ մեկնաբանել իր դեսպանին կատարած մէկ յայտարարութիւնը:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES