ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՊՐԻՒՔՍԵԼ

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այսօր կը մեկնի Պրիւքսել, ուր Եւրոպական խորհրդարանի միջին արեւելեան «Մաշրեք» երեսփոխանական համախմբումին հետ պիտի քննարկէ Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի հետ կապուած խնդիրներ:

Լիբանանի խորհրդարանը ներկայացնող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի եւ Ալի Պեզզի:

Իբրեւ անդամ Լիբանան – Եւրոպական խորհրդարան բարեկամութեան յանձնախումբին, Պրիւքսելի մէջ իր կեցութեան ընթացքին Բագրատունի հանդիպումներ պիտի ունենայ Եւրոպական խորհրդարանի տարբեր խմբակցութեանց անդամներուն հետ եւ պիտի քննարկէ երկու խորհրդարաններուն միջեւ յաւելեալ գործակցութեանց կարելիութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES