«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.» ԻՐ ՆՈՐԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐԸ ԵՒ ԱՊՐԱՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ «ՏԻՃԻԹԵՔ 2011» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» կը տեղեկացնէ, որ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ կայացաւ «Տիճիթեք 2011» ցուցահանդէսին բացումը: Ցուցահանդէսի հովանաւոր «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի տաղաւարի մէջ ներկայացուց իր նորարարական առաջարկներն ու ապրանքները:

Եռօրեայ ցուցահանդէսին ընթացքին ընկերութիւնը առաջարկեց բացառիկ ցած գիներով սմարթֆոններ:

«Թուային ապագան ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրն է: Այդ առումով` ուղղակի անհրաժեշտութիւն է արհեստագիտական նորարարութիններուն վերաբերեալ իրազեկումի ապահովումը, որուն դրսեւորումն է նաեւ այս ցուցահանդէսը: Զգտելով հաւատարիմ մնալ Հայաստանի մէջ արհեստագիտութեան յառաջատար ըլլալու սկզբունքին` «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» տեղական շուկայ կը ներմուծէ առկայ ամէնէն նորարար լուծումները: Մեր ընկերութեան գործունէութեան խթանը յառաջընթացի ուժն է: Ատիկա կարելիութիւն կու տայ իրատեսօրէն գնահատելու հայաստանեան շուկայի պահանջարկը եւ սպառողի շահագրգռութիւնը` լաւագոյն եւ նորագոյն արհեստագիտութիւն ձեռք բերելու հարցին մէջ», յայտարարեց «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Share this Article
CATEGORIES