ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ 32 ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՃԱՆՉՑԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի 32 երեսփոխաններ ընդունեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ճանչցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ կոչ ուղղեցին սերտօրէն համագործակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օրինականօրէն ընտրուած իշխանութիւններուն հետ:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 20 տարի առաջ, խորհրդային եւ միջազգային օրէնսդրութեան հիման վրայ անկախութիւն յայտարարելու մասին որոշում տալով, Հարաւային Կովկասի մէջ ի յայտ եկան նոր պետութիւններ: Ըստ յայտարարութեան, ինքնորոշման եւ Խորհրդային Միութենէն անջատուելու իրաւունքէն օգտուեցան ոչ միայն Հայաստանը, Ազրպէյճանը եւ Վրաստանը, այլեւ Լեռնային Ղարաբաղը:

Այս 4 քաղաքական միաւորները յայտարարեցին իրենց անկախութիւնը մօտաւորապէս նոյն ժամանակաշրջանին: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է նաեւ, որ Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Վրաստան Եւրոպական խորհուրդի անդամ են, իսկ Արցախը տակաւին չէ ընդգրկուած Եւրոպական խորհուրդի կազմին մէջ: Հակառակ այդ փաստին եւ բարդ իրադրութեան, Արցախը ընդունած է եւ հետեւողականօրէն կ՛իրականացնէ պետականաշինութեան ուղին, որ կը համապատասխանէ Եւրոպայի ոգիին, առաքելութեան եւ արժէքներուն:

«Բարձր գնահատելով Արցախի մէջ ժողովրդավարական բնորդի զարգացման հոլովոյթն ու արդիւնքները եւ գիտակցելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին ներքեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն Արցախի պաշտօնական ներկայացուցիչներու մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, մենք կը շնորհաւորենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իր հռչակման 20-ամեակին առիթով եւ կոչ կ՛ուղղենք սերտօրէն համագործակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օրինականօրէն ընտրուած իշխանութիւններուն հետ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Փաստաթուղթը ստորագրած են Հայաստանի Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամները, ֆրանսացի, անտորրացի, բրիտանացի, զուիցերիացի, աւստրիացի, պելճիքացի, սերպ, սլովաք, իտալացի երեսփոխաններ:

Share this Article
CATEGORIES