ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ԶՕՐԱՀԱՒԱՔԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան անցեալ շաբաթավերջին հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութեան մը` նուիրուած հանրապետութեան մէջ իրականացուած ծրագրաւորուած զօրահաւաքին:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ զեկուցումներով հանդէս եկան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան եւ համապատասխան կառոյցներու պատասխանատուները: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց զօրահաւաքներու պատշաճ իրականացումը` նշելով, որ անոնք երկրին պաշտպանութեան կարեւոր բաղադրամասն են:
CATEGORIES Հայկական

