ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, վերամուտի նախօրեակին Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինը դարձեալ կազմակերպեց ուսուցչաց երկօրեայ աշխատանքային համագումար մը շաբաթ, 8 եւ կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2011-ին, Պէյթ Շապեպի «Մարիա Փոլի» համագումարներու կեդրոնին մէջ:

Սոյն համագումարին մասնակցեցան Լիբանանի հայոց թեմին մէջ գործող կիրակնօրեայ դպրոցներու աւելի քան 40 տեսուչներ եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ:

Շաբաթ առաւօտ համագումարին բացումը տեղի ունեցաւ աղօթքով, ապա բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Քահանայ հայրը գնահատեց բոլոր ներկայ եւ բացակայ ուսուցիչները, որոնք այրի կնոջ լուման իրենք եւս ծառայութեան ճամբով կը դնեն գանձանակի մէջ: Քահանան խօսեցաւ հաւաքական կեանքի կարեւորութեան եւ արդիւնքին մասին` հրաւիրելով բոլոր ծառայողները ձեռք ձեռքի տալով միասնաբար առաջնորդելու աշակերտները դէպի աստուածային գիտութեան:

Ս. Գիրքի սերտողութիւն կատարեց վարիչ մարմնի անդամ Ժանին Մարգարեան` նիւթ ունենալով Մատթէոսի Աւետարանի 5:21-26-րդ համարը, ուր ուսուցում կը տրուի բարկութեան մասին: Մարգարեան ներկայացուց բարկութեան հասցուցած վնասները` օրինակ տալով Յովհան Մանդակունի հայրապետին ճառերէն: Ան հրաւիրեց ուսուցիչները տիպար ըլլալու ոչ միայն Կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ, այլ միշտ: «Հաւաքական աշխատանքի կարեւորութիւնը» նիւթով առաջին դասախօսութիւնը ներկայացուց տոքթ. Վիգէն Նանեճեանը: Ան հաւաական աշխատանքի իբրեւ առաջին օրինակ առաւ Քրիստոս եւ իր աշակերտները, որոնք միշտ միասին կը շրջէին եւ իրենց առաքելութիւնը միասնաբար կը կատարէին: Տոքթ. Նանեճեան կոչ ուղղեց Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչներուն իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ միասնաբար ծառայելու:

Ճաշի դադարէն ետք Հրանդ աբղյ. Դահանեան խօսեցաւ «Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչը եւ 21-րդ դար»ը նիւթին մասին: Ան ըսաւ. «Ներկայիս համաշխարհայնացումը իր դրական եւ ժխտական արդիւնքը ունի, եւ դուք իբրեւ ուսուցիչներ միշտ պիտի փորձէք առնել օգտակար եւ անհրաժեշտ կողմը»: Հայր սուրբը անդրադարձաւ նաեւ զեխ կեանքի վատ կողմերուն, ցուցաերիզներուն ընդմէջէն վկայութիւններ ցուցադրեց ներկաներուն: Այդ տեսաերիզներուն մէջ անհատներ կը պատմեն թէ զեխ եւ աշխարհիկ շռայլ կեանք մը ապրելէ ետք ինչպէ՛ս դարձի եկած են:

Երեկոյեան աշխատանքային հանդիպում մը տեղի ունեցաւ վարիչ մարմինին եւ մասնակցող ուսուցիչներուն միջեւ: Հանդիպման ընթացքին անոնք համաշխարհայնացումը միասնաբար յառաջիկայ տարեշրջանի աշխատանքային ծրագիրի մը կորիզը պատրաստեցին:

Կիրակի առաւօտ համագումարին մասնակիցները ունեցան Ս. Գիրքի իրենց երկրորդ սերտողութիւնը, որ կատարեց Ներսէս Կիս. սրկ. Օհանեան` նիւթ ունենալով օրուան խորհուրդը` այրի կնոջ լումային պատմութիւնը, որ շատ յստակ եւ գեղեցիկ ձեւով բացատրեց նմանցնելով կիրակնօրեայ ուսուցիչները այրի կնոջ, որ սրտանց կը ծառայէ, իր ամբողջ ունեցածը կու տայ Աստուծոյ փառքին եւ մեր մանուկներու դաստիարակութեան համար: Համագումարը փակուեցաւ Ս. պատարագով. ուսուցիչ-ուսուցչուհիները ներկայ գտնուեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին եւ հաղորդակից դարձան թարգմանչաց վարդապետներուն խորհուրդին, ապա նոր գիտելիքներով հարստացած վերադարձան իրենց տուները` բարեյաջող եւ արդիւնաւոր տարեշրջան մը սկսելու յոյսով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES