ԻՆԻԵՍԹԱ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿՐՆԱՅ ԴԱՇՏ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼ

Անտրես Ինիեսթա

Սպանիոյ եւ Եւրոպայի ախոյեան Պարսելոնայի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երեք շաբաթ ֆութպոլի դաշտերէն բացակայելէ ետք (վիրաւոր), միջնապահ Անտրես Ինիեսթա այս շաբաթավերջին կրնայ վերադառնալ եւ իր մասնակցութիւնը բերել Ռասինկ Սանթանտերի դէմ տեղի ունենալիք «Լա լիկա»ի մրցումին (շաբաթ, 15 հոկտեմբեր): Ակումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ինիեսթա իր մասնակցութիւնը չի կրնար բերել Չեխիոյ եւ Սկովտիոյ դէմ (Եւրօ-2012) Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք վերջին երկու մրցումին` որովհետեւ մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ միայն ան կրնայ ամբողջութեամբ ապաքինիլ:

Share this Article
CATEGORIES