ՖՈՐՄԻՒԼԱ-1. ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՎԵԹԵԼ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Սեպասթիան Վեթել

Երէկ` կիրակի, տեղի ունեցաւ Ֆորմիւլա-1-ի 2011-ի աշխարհի ախոյեանութեան 15-րդ կրան փրին` Ճափոնի մէջ:

Նախորդ տարեշրջանին ախոյեան հանդիսացած գերմանացի Սեպասթիան Վեթել (Ռետ-Պուլ Ռընօ), որ միայն կէտի մը պէտք ունէր տիտղոսը պահելու համար իր մօտ, ապահովեց 15 կէտ, երբ գրաւեց երրորդ դիրքը` 2″ ուշացումով հասնելով ժամանման գիծ: Առաջին հանդիսացաւ Մաքլարըն- Մերսետեսի անգլիացի վարորդ Ենսըն Պաթըն (1 ժամ 30′ 53″), իսկ երկրորդ` Ֆեռարիի սպանացի վարորդ Ֆեռնանտօ Ալոնսօ (1″ 1 ուշ):

24 տարեկան գերմանացին, որ այս տարի 12-րդ անգամ ըլլալով փոլ-փոզիշընի մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւեց, այսպիսով յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան, հակառակ անոր որ տարեշրջանի աւարտին մնացած է չորս հանգրուան:

Բացի ատկէ, 15 մրցումի ընթացքին ան 14-րդ անգամ ըլլալով բարձրացաւ փոտիում, ինչ որ ցոյց կու տայ անոր ունեցած բացառիկ կարողութիւնները եւ արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքները:

Այսպիսով, Վեթել յաջողեցաւ ապահովել տարեշրջանի իր 324-րդ կէտը: Անոր ետին գտնուող Պաթըն ունի 210 կէտ, մինչ երրորդ դիրքը գրաւող Ալոնսօ` 202 կէտ, վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ:

Ինչ կը վերաբերի խումբերու ընդհանուր դասաւորման Ռետ-Պուլ Ռընօ ցարդ ապահոված է 518 կէտ, Մաքլարըն- Մերսետես` 388, իսկ Ֆեռարի` 292 կէտ: Մերսետես ապահոված է 123 կէտ, իսկ Ռընօ` 72 կէտ:

 

Share this Article
CATEGORIES