ՄԱՀԱԵՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԴՐՈՂ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԺԱՆԻՍՏԵՐ «ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄ»
Մեր շրջապատի նորութիւններուն իրազեկ դառնալու, վերյիշումներ կատարելու եւ դպրոցներուն մէջ տնօրէնութիւն-ծնողք-ուսուցիչ գործին հեզասահ ընթացքը ապահովելու համար ՄԱՀԱԵՄ-ի Լիբանանի Կրթական համադրող յանձնախումբը ուրբաթ, 16 սեպտեմբեր 2011-ին, Հայկազեան համալսարանի «Մետիա սենթըր»ի մէջ կազմակերպած էր աշխատանքային վարժանիստ (work-shop) «Աշխատանքային վարուելակերպի բարելաւում» նիւթին շուրջ: Վարժանիստը ձեռնհասօրէն առաջնորդեց Սոնիա Սապպահ, որ աւարտած է Լոնտոնի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը եւ զանազան միջազգային հաստատութիւններուն մէջ «Վարուելակերպի եւ կենցաղի» մասին վարժանիստեր վարած է, թերթերու մէջ տպագրուած են իր յօդուածները, պատկերասփիւռէն եւ ձայնասփիւռէն սփռուած են իր ելոյթները:
Աշխատանքային հետաքրքրական այս վարժանիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի հայ աւետարանական վեց վարժարաններու տնօրէններ, քարտուղարներ եւ պաշտօնէութիւն` թիւ 31 անձեր:
Կրթական յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց Սեդա Գարակէօզեան, որ շեշտեց, թէ այս վարժանիստը պաշտօնէութեան ուղղուած առաջին մարզումն էր, եւ ապա, շուրջ չորս ժամ տեւողութեամբ, սուրճի դադարով մը ընդմիջուած, ներկաները իմացան, թէ ինչպէ՛ս 30 երկվայրկեանը բաւարար է դիմացինին վրայ առաջին տպաւորութիւն (դրական կամ բացասական) ձգելու համար:
Հետեւաբար Սոնիա Սապպահ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ, թէ «պաշտօնեան» իր գործի միջավայրին մէջ ինչպէս պէտք է ներկայանայ: Ան նկատի առաւ հագուածքը, խօսուածքը, բարեւելը եւ այլն: Վարժանիստը վարողը անդրադարձաւ նաեւ հեռաձայնային խօսակցութիւններուն եւ ե-նամակներու փոխանցման: Վերջաւորութեան շեշտը դրաւ «դժուար մարդոց» հետ վարուելակերպի եւ դրական մտածումին վրայ: «Խնդիրները պատնէշներ չեն, այլ` մարտահրաւէրներ», ըսաւ ան:
Եզրակացնելով` Սոնիա Սապպահ ըսաւ. «Մարդիկ պիտի մոռնան ըսածդ, ըրածդ, բայց բնաւ պիտի չմոռնան այն զգացումը, որ իրենց պատճառեցիր»:
Ներկաները իրենց շահեկան մասնակցութեամբ, հարցադրումներով, տրուած օրինակներով աշխուժ մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Անոնք օգտակար գիտելիքներ ստացան` իրենց նիստ ու կացով աւելի գեղեցիկ պատկեր մը տալու այն կրթական հաստատութեան, որուն կը ծառայեն:
Վարժանիստի աւարտին իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ յատուկ վկայագիր մը:
Վերամուտին ընդառաջ, նման աշխատանքային վարժանիստեր օգտակար կը հանդիսանան վարժարաններու պաշտօնէութեան:

