ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ, ԻՍԿ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ

Աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս կը նախագահէ Ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբի նիստին, ներկայութեամբ` Ղասսան Ղոսընի:

Սկզբունքով այսօր կառավարութեան նիստին ընթացքին պէտք է վերջնական որոշում տրուի աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարին առնչութեամբ, ապա թէ ոչ, 24 ժամ ետք Լիբանան պիտի անդամալուծուի Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան եւ անոր զօրակից մեծ թիւով սենտիքաներուն կողմէ կատարուելիք գործադուլով:

Նուազագոյն աշխատավարձի յաւելման առումով Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կողմէ առաջարկուած 750 հազար լ. ոսկիի գումարը կը նկատուի հսկայական եւ անտրամաբանական, իսկ միւս կողմէ, տնտեսական խորհուրդներուն եւ Ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբին կողմէ առաջարկուած 250 լ. ոսկիի յաւելումը համադաշնակցութեան կողմէ կը մերժուի եւ կը նկատուի անբաւարար գումար մը, որ կը միտի ծուղակը ձգել աշխատաւորները, ինչպէս նաեւ անոնց հաշուոյն անարդար ըլլալ:

Մինչ անպաշտօն աղբիւրներ կը հաստատեն, որ աշխատաւորներուն ինթիֆատային առաջքը պիտի առնուի, որպէսզի կարելի ըլլայ փաստել կառավարութեան վճռակամութիւնը` աշխատաւորներուն պահանջներուն ընդառաջելու իմաստով, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կիրակի երեկոյեան այցելեց նախագահական պալատ, ուր ան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ քննարկեց աշխատաւորներուն կատարելիք գործադուլը կանխարգիլելու քայլերը:

Աշխատավարձերը սրբագրելու առումով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մաղթեց, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան հետ երկխօսութեամբ կարելի կ՛ըլլայ համաձայնութիւն մը գոյացնել:

Վարչապետը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ կը խորհրդակցի աշխատավարձերու յաւելման մասին:

Այս առնչութեամբ նախորդ շաբաթավերջին Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, քննարկելու համար համադաշնակցութեան պահանջները գոհացնելու կարելիութիւնները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նկատել տուաւ, որ հարկ է երկխօսութեամբ լուծել աշխատավարձի յաւելման թղթածրարը:

Պէտք է նշել, որ վարչապետ Միքաթի անցեալ ուրբաթ օր հանդիպում մը ունեցաւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութեան հետ: Ան նկատել տուաւ, որ իրենք քննարկած են շարք մը հարցեր` աւելցնելով, որ այդ քննարկումները եղած են հանդարտ ու դրական:

Միքաթի շեշտեց նաեւ, որ համադաշնակցութիւնը խորհրդակցութիւններուն ընթացքին բաւական ճկունութիւն ցուցաբերած է, «ինչ որ կարելի կը դարձնէ յաջորդ հանդիպումներուն ընթացքին լուծման մը յանգելու հաւանականութիւնը», ըսաւ ան:

«Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթի կը սերտէ այն կարելիութիւնները, որոնք կարելի կը դարձնեն նուազագոյն աշխատավարձը  750 հազար լ. ոսկիի բարձրացնել, միւս կողմէ սակայն, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը կը մերժէ այդ առաջարկը` զայն նկատելով անբաւարար:

Տնտեսական խորհուրդի ներկայացուցիչները կ՛այցելեն վարչապետարան` քննարկելու համար Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան պահանջները:

Յայտնենք նաեւ, որ Համադաշնակցութիւնը նախքան վարչապետ Միքաթիի հետ իր հանդիպումը կը մասնակցէր աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի գլխաւորութեամբ գումարուող Ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ տնտեսական խորհուրդներուն գումարած նիստերուն, սակայն անցեալ չորեքշաբթի օր Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեց այդ յանձնախումբին նիստերուն իր մասնակցութիւնը` բողոքելով յանձնախումբին կողմէ որդեգրուելիք տուրքի յաւելումներուն դէմ:

Համադաշնակցութեան կողմէ այդ նիստերը պոյքոթի ենթարկելու որոշումին հիմքը կազմեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի կողմէ տրուած այն որոշումը, թէ հարկ է վառելանիւթի, յատկապէս` պենզինի թիթեղին սակը բարձրացնել, ինչպէս նաեւ յաւելուած արժէքի տուրքը 10 առ հարիւրէն բարձրացնել 12 առ հարիւրի:

Այս ծիրին մէջ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն շեշտեց, թէ վարչապետ Միքաթիի հետ իրենց ունեցած հանդիպումը եղած է դրական: Ան նշեց, թէ այդ հանդիպումին ընթացքին իրենք վարչապետին ներկայացուցած են իրենց բոլոր պահանջները, «եւ այսպիսով համադաշնակցութեան երկխօսութիւնը փոխանցուած է կառավարութեան` նկատի ունենալով, որ անիկա ամուլ եւ ապարդիւն դուրս եկած էր տնտեսական խորհուրդներուն ներկայացուցիչներուն հետ», աւելցուց Ղոսըն:

Ղոսըն ընդգծեց, որ ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբին հետ կարելի չէ համաձայնութեան մը յանգիլ: «Մենք կառչած կը մնանք աշխատավարձի նուազագոյն գումարը մէկ միլիոն երկու հարիւր յիսուն հազար լ. ոսկիի վերածելու մեր պահանջին», ըսաւ Ղոսըն` աւելցնելով, որ եթէ իրենց բոլոր պահանջներուն չընդառաջեն, ապա համադաշնակցութիւնն ու մեծ թիւով սենտիքաներ, վաղը` 12 հոկտեմբերին անվարան պիտի կատարեն գործադուլը:

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն:

Ղոսըն դիտել տուաւ, թէ ինք վարչապետ Միքաթիի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է նաեւ, որ համադաշնակցութիւնը կը պահանջէ փոխադրածախսի պարագային օրական 8 հազար լ. ոսկիի փոխարէն վճարել 16 հազար լ. ոսկի, կրթական նպաստներ տրամադրել աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկէն գանձուող ընտանեկան թոշակի պարագային յաւելումներ կիրարկել` իւրաքանչիւր զաւակի համար մէկ միլիոն լ. ոսկի ստանալու սկզբունքով:

Ղոսըն ըսաւ, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն նաեւ այն, թէ տրուելիք յաւելումներուն զուգահեռ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծին մէջ պիտի ճշդուին ահաւոր տուրքեր, յատկապէս այն, որ յաւելուած տուրքի արժէքը 10 առ հարիւրէն պիտի բարձրանայ 12 առ հարիւրի:

Ղոսըն մաղթեց, որ Ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբին եւ տնտեսական խորհուրդներուն հետ վարչապետ Միքաթիի հանդիպումները ըլլան դրական, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան յաջորդ նիստին իսկ յաւելումները վաւերացնել, «այլապէս` 12 հոկտեմբերին երկրին մէջ պիտի սկսի բաց գործադուլ մը», ըսաւ Ղոսըն:

Նշենք, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս, որ նախագահն է Ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբին, յայտնեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին յանձնախումբը օրական դրութեամբ նիստեր գումարած է` ընդառաջելու համար համադաշնակցութեան պահանջներուն գործադրութեան, յատկապէս նուազագոյն աշխատավարձի յաւելումի պահանջին:

Նահհաս նշեց, որ այդ յանձնախումբին մաս կը կազմեն նաեւ Ազգային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան:

Վարչապետ Միքաթի կ՛ընդունի Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` Ղասսան Ղոսընի:

Աշխատանքի նախարարը աւելցուց, որ յանձնախումբին նիստերուն մասնակցութեան առումով համադաշնակցութեան յայտարարած պոյքոթը պատճառ պիտի չդառնայ, որ յանձնախումբը կասեցնէ իր քննարկումները:

Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ 12 հոկտեմբերին համադաշնակցութեան կողմէ կատարուելիք գործադուլ-ցոյցը փողոցին մէջ ճնշում բանեցնելու քայլ մըն է: Ան նշեց, թէ 750 լ. ոսկիի յաւելումը, որ առաջարկուած է Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կողմէ, մեծ գումար է եւ կարելի չէ տեղւոյն վրայ նման յաւելում մը վաւերացնել:

Անդրադառնալով ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի կողմէ առաջարկուած տուրքերու յաւելման դրութեան` Նահհաս շեշտեց, որ այս մասին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեցուածքը յստակ է. «Մենք կը մերժենք յաւելուած արժէքի տուրքի եւ պենզինի թիթեղին սակին վրայ արձանագրուելիք տուրքերը», ըսաւ Նահհաս:

Նշենք, թէ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս առաջարկած է, որ աշխատավարձի յաւելումները կատարուին երկու հանգրուանով: Ըստ Նահհասի, առաջին հանգրուանին հարկ է աշխատավարձերուն համար ճշդել 20 առ հարիւրի յաւելում, իսկ երկրորդ հանգրուանին` 10 առ հարիւրի յաւելում, որոնց իբրեւ արդիւնք կարելի կ՛ըլլայ նուազագոյն աշխատավարձի գումարը հասցնել մէկուկէս միլիոն լ. ոսկիի:

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ԱԶԳԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ»,
«ՍԱՖԻՐ» եւ «ՆԱՀԱՐ»

 

 

Share this Article
CATEGORIES