ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՑՈՂ ՅԱՅՏՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉԻ ՈՐԴԻՆ

Ռակըփ Զարաքոլու

Թրքական «Պիանեթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է գրող, հրատարակիչ, իրաւապաշտպան, «Պելկէ» հրատարակչատան տնօրէն Ռակըփ Զարաքոլուի որդին` Տենիզ Զարաքոլու:

«Պիլկի» համալսարանի քաղաքական գիտութեան բաժանմունքի ասփիրանթ Տենիզ Զարաքոլու Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան քաղաքային թեւը նկատուող Քրտական համայնքներու միութեան դէմ տեղի ունեցած գործողութեան ընթացքին ձերբակալուած է:

Ռակըփ Զարաքոլու իր որդիին ձերբակալման լուրին անդրադառնալով նշած է, որ իր որդին ձերբակալած են Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան քաղաքական ակադեմիային մէջ քաղաքական գիտութիւն դասաւանդելուն համար:

 

Share this Article
CATEGORIES