«ՍՈՒՐԻՈՅ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՃԱՆՉՑՈՂ ՈՐԵՒԷ ԵՐԿՐԻ ԴԷՄ ԽԻՍՏ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ՈՐԴԵԳՐԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ՄՈԱԼԼԵՄ

Ուալիտ Մոալլեմ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Սուրիա այցելող ԱԼՊԱ-ի երկիրներու (Վենեզուելա, Քուպա, Պոլիվիա, Էքուատոր, Նիքարակուա) արտաքին գործոց նախարարներուն հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային խորհուրդը ճանչցող որեւէ երկրի դէմ խիստ միջոցառումներ պիտի որդեգրուին:

Ան նշեց, որ «խափանարարութեան եւ բռնարարքներու շարժումը սկսած է ներառել արտասահմանի դիւանագիտական առաքելութիւնները, եւ այն երկիրները, ուր այդ առաքելութիւնները կը գտնուին, զանոնք պաշտպանելու համար տէրը պէտք է ըլլան իրենց ուսերուն դրուած պատասխանատուութեան»` աւելցնելով, որ այն երկիրները, որոնք սուրիական դեսպանատուները չեն պաշտպաներ, Դամասկոսի մէջ նոյն վերաբերմունքին պիտի արժանանան:

Մոալլեմ յայտնեց, որ ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան մը համար ռուսական միջնորդութենէն տեղեակ չէ: Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ինք չի բացառեր, որ ռուսական ղեկավարութիւնը Սուրիոյ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան երկխօսութեան սկսելու համար Մոսկուայի մէջ նախապատրաստական հանդիպում մը ունենալ առաջարկէ: Մոալլեմ հարց տուաւ, որ «ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները կ՛ուզե՞ն երկխօսութեան նիստ գումարել® մտաւորական եւ գիտութեան մարդիկը ահաբեկող զինեալ խմբաւորումները Սուրիոյ մէջ բարեփոխումներ կ՛ուզե՞ն® այդ խմբաւորումները գումարներու սիրոյն մարդիկ կը սպաննեն, ուստի անոնց ըրածին եւ բարեփոխման ծրագիրին ու նախատեսուած երկխօսութեան միջեւ կապ մը չեմ տեսներ»:

Ան ըսաւ, որ ազգային ընդդիմութիւնը հրաւիրուած է ազգային երկխօսութեան եւ Սուրիոյ ապագային կերտման մասնակցելու:

Վենեզուելայի արտաքին գործոց նախարար Նիքոլաս Մատորօ Մորոս մերժեց Սուրիոյ ներքին հարցերուն Արեւմուտքին եւ կայսերապաշտութեան կողմէ որեւէ միջամտութիւն` յայտնելով, որ «մենք Սուրիոյ, սուրիացի ժողովուրդին եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ԱԼՊԱ-ի երկիրներու ղեկավարներուն անունով փոխանցեցինք Սուրիոյ մեր ճշմարիտ զօրակցութիւնը եւ այդ երկրին ներքին հարցերուն Արեւմուտքին եւ կայսերապաշտութեան կողմէ միջամտութեան բոլոր ձեւերու մեր մերժումը: Սուրիացի ժողովուրդը իրաւունք ունի իր հարցերը իր ձեռքերով լուծելու»:

Պոլիվիոյ տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեանց նախարարը իր կարգին դատապարտեց «սուրիացիներու ազատութեան վրայ ազդելու կայսերապաշտութեան փորձերը»: Քուպայի արտաքին գործոց նախարար Պրիւնօ Էտուարտօ Արուտիկես Փարփիա դատապարտեց «Սուրիոյ ապահովութիւնը քայքայելու միտումով տեղի ունեցող խափանարարական արարքները»: Ան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` իր դերակատարութիւնը առարկայական ձեւով կատարելու:

Էքուատորի արտաքին գործոց նախարարը յոյս յայտնեց, որ արտաքին միջամտութիւնները Սուրիոյ ժողովուրդին գերիշխանութեան, անոր ապահովութեան եւ կայունութեան ազդելու համար չշահագործուին:

ԱԼՊԱ-ի երկիրներու պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Ասատ պատուիրակութեան վստահեցուց, որ Սուրիոյ ձեռնարկած քայլերը հիմնուած են երկու առանցքներու` քաղաքական բարեփոխումի եւ զինեալ երեւոյթներուն վերջ տալու վրայ: Ան նշեց, որ «բարեփոխումները սուրիացի ժողովուրդին կողմէ դրական մեծ ընկալումի արժանացան եւ Սուրիոյ դէմ արտաքին յարձակումը շեշտակի դարձաւ, երբ ներքին կացութիւնը սկսաւ բարելաւուիլ, որովհետեւ անոնց պահանջածը բարեփոխումներու կիրարկումը չէ, այլ այն, որ Սուրիա իր կեցուածքներուն եւ շրջանին նկատմամբ արտաքին ծրագիրները դիմակայելուն գինը վճարէ»:

Վենեզուելայի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպումին աւարտին յայտարարեց, որ ԱԼՊԱ-ի պատուիրակութեան այցելութեան նպատակը Սուրիոյ զօրակցիլն է:

Նշենք, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ ՕԹԱՆ Սուրիոյ հարցերուն պիտի չմիջամտէ, «սակայն բուռն կերպով կը դատապարտենք Սուրիոյ մէջ ցուցարարներուն դէմ Ասատի»:

 

Share this Article
CATEGORIES