ՀՕՄ-Ը` 100 ՏԱՐԵԿԱՆԻ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ, ԲԱՅՑ 20 ՏԱՐԵԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻ ԽԱՆԴՈՎ, ԸՄԲՌՆՈՒՄՈՎ ԵՒ ԿԱՄՔՈՎ (ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ ՀՕՄ-Ի 70-ՐԴ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՆՈՐԱ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ-ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

«Մարդ կայ` ելլել է շալակն աշխարհին

Մարդ կայ` աշխարհն է շալակած տանում»

Զիս այնքան տպաւորած  Պարոյր Սեւակի «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ» բանաստեղծութեան առաջին երկու տողերն են ասոնք: Պատանեկութեանս տարիներուն, նախ յունարէն թարգմանութիւնը կարդացած եմ, ապա պրպտած ու գտած հայերէն բնագիրը, հմայուած եմ անով եւ մինչեւ օրս ու յաճախ կը հաստատեմ, որ այս շատ պարզ երկու նախադասութեամբ որքա՜ն իրաւ ու խորունկ բանաձեւումով ներկայացուած է մարդ էակին տեսակը` նկարագրային յատկութեամբ ու հոգեբանութեամբ եւ մարդոց ու ընկերութեան նկատմամբ անոր կեցուածքով: Մարդու տեսակի բնորոշում, որ կը տարածուի անցեալի թէ ներկայի վրայ, բոլոր ժամանակներու մէջ եւ ամէն տեսակ պայմաններու տակ:

ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան, անոր գոյութեան եւ գործին իմաստն ու արժէքը լաւապէս կարենալ բացատրելու համար կը դիմեմ այս տողերուն: ՀՕՄ-ը եղաւ համախմբումն ու կազմակերպութիւնը այն հայ մարդոց, որոնք  նպատակադրեցին ու միշտ ջանացին հայ աշխարհին հոգերը շալկել ու վերցնել: «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ…»:

ՀՕՄ-ի 70րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովը տեղի կ՛ունենայ միութեան 100-ամեայ տարեդարձը հազիւ թեւակոխած: Ամբողջ դար մը աշխատանք…

Ահա թէ ինչու այս ժողովը ունի իւրայատուկ կարեւորութիւն: Ծանրակշիռ կարեւորութիւն, քանի որ միութիւնը մէկ կողմէն կը ներկայանայ հարիւր տարիներու անսակարկ նուիրումի վաստակով ու անխափան գործի իմաստութեամբ, իսկ միւս կողմէն` յոգնածութեան վտանգէն հեռու մնալու եւ  հայ ժողովուրդի ներկայ պահանջներուն ընդառաջող գործելու նոր ոճ  եւ իր աշխատանքներուն նոր թափ ու ծաւալ տալու մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուի:

Սփիւռքի  ծնունդ  եւ սփիւռքի հայութեան ընկերային ու կրթական կարիքներուն սիւնը հանդիսացաւ ՀՕՄ-ը: Վերջին տարիներուն, Հայաստանի նորահռչակ անկախ  հանրապետութեան մէջ եւս մարդասիրական-բարեսիրական որոշ ծրագիրներ իրագործեց:

Այսօր պիտի կարենա՞յ թարմ մտքերով եւ նոր ուժերով նոր հանգրուանի մարտահրաւէրին  ընդառաջել: Պատասխանը պիտի տայ Համահայկական ժողովը: Տասնամեակներու փորձառութիւնն ու գործելակերպի աւանդութիւնը կրնան արգելք ըլլալ նոր ներշնչումներու: Կրնան ըլլալ նաեւ մղիչ ուժ ու փարոս` նոր ճամբաներու առաջնորդող: Ատիկա կախեալ է անշուշտ ժողովէն ու ժողովականներէն:

Ներկայիս, հայութիւնը կը դիմագրաւէ խստօրէն հրամայական, նաեւ իրարմէ տարբեր կացութիւններ: Սփիւռքի մէջ հայակրթութեան եւ հայապահպանման պահանջները աւելի քան երբեք շեշտուած են, հայոց լեզուի նահանջը եւ հայ մշակոյթին տկարացումը նոր սերունդին մօտ, տարբեր ազգութեամբ անձերու հետ ամուսնութիւններու աճող թիւը, գաղութային կարիքներու մատակարարման տնտեսական դժուարութիւնները ահազանգիչ դարձած են: Մինչ Հայաստանի մէջ, ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական վիճակը աւելի կը շեշտէ բարեսիրական նախաձեռնութեանց պահանջը: Անգործութիւնը եւ անոր պատճառով շարունակուող աննախընթաց արտագաղթը, ընկերային ապահովագրութեան անբաւարարութիւնը, գիւղական շրջաններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը, ներընտանեկան բռնութեանց յաճախակի դէպքերու յայտնաբերումը, Արցախի ժողովրդագրական աճման կարեւորութիւնը եւ պատանի սերունդին հոգատարութիւնը խնդիրներ են,  որոնց համար անպայման ըսելիք պիտի ունենայ ՀՕՄ-ի համահայկական ժողովը եւ ընելիքին համար  ռազմավարական ու մարտավարական ուղի պիտի ճշդէ:

Ամէն բանէ առաջ` կազմակերպական հզօրացում եւ աշխուժացում, կամաւոր աշխատանքի հմայքն ու գաղտնիքը սրսկելով հայ կիներուն մտքերուն ու հոգիներուն մէջ:

Ապա` տնտեսական տագնապը դիմագրաւելու  մասնագիտական եւ ոչ մասնագիտական ձեւերու որոնում: Գաղտնիք չէ, թէ ՀՕՄ-ի գոյութեան եւ գործունէութեան մէջ, բացի հազարաւոր անդամուհիներու եւ համակիրներու լումայէն եւ անշահախնդիր աշխատանքէն, մեծ ներդրում ունեցած են անցեալի թէ ներկայի բարերար-նուիրատուները, որոնց շնորհիւ կառուցուեցան դպրոցներ, որբանոցներ, ծերանոցներ: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ այսօր կարիքը կայ  նոր նուիրատուներ  ապահովելու, բան մը, որ անմիջականօրէն կապուած է միութեան գաղափարներուն տարածումին, ներշնչումի եւ իր ծաւալած գործի մասին լայնածաւալ քարոզչութեան հետ:

Հայագաղութներու դպրոցներուն եւ ակումբներուն գոյատեւումը, անոնց շէնքերու բարեկարգումը եւ մանաւանդ մարդուժի պատրաստութիւնը առաջնահերթ կարեւորութիւն ունին ՀՕՄ-ին համար, որուն գործունէութեան երկար տարիներու գործադաշտը դարձաւ սփիւռքը: Իսկ հայրենիքի գաղափարով եւ տենչով ծնած- մեծցած ՀՕՄ-ին եւ անոր նպատակներու թափանցումին անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի ժողովրդային խաւերուն մէջ կասկածէ վեր է եւ պիտի նպաստէ,  որ հայրենի բնակչութեան մօտ զարգանայ կամաւոր աշխատանքի մշակոյթը եւ պիտի մղէ երկրի հարուստ խաւը գործնապէս օժանդակելու բարեսիրական ծրագիրներու իրագործման: «Մօր ու մանկան» կեդրոնը հրաշալի մէկ օրինակ է, որուն վրայ միութիւնը կրնայ յատուկ գուրգուրանք ցուցաբերել, ի հարկին այլ մանր ծրագիրները դադրեցնելով եւ նմանօրինակ մէկ-երկու այլ ծրագիրներու ձեռնարկելով: Այս շրջագիծին մէջ կարելի չէ անտեսել զանգուածային լրատուական միջոցներու ուժը` նպատակներու եւ գաղափարներու տարածման ու օժանդակութիւն ապահովելու տեսակէտէն:

Վերջերս պատանի աղջկանս արժանթինցի համբաւաւոր ծաղրանկարիչ Քուինոյի (Խոաքին Լաւատօ-Քոփնօ) «Մաֆալտա»ի հատորը նուիրած էի: Երկու երախաներու իբրեւ թէ «միամիտ» խօսակցութեան մը միջոցով, հեղինակը սրամտօրէն ցոյց կու տայ ընկերային կեանքի որոշ ու տարօրինակ երեւոյթներ եւ մարդկային նկարագիրի տարբեր գիծեր: Անտեղի չէ, որ անոնցմէ քանի մը նմուշներ մէջբերեմ, որոնց համեմատական զուգահեռով  մը արդէն  կը յստականայ ՀՕՄ-ականին նկարագիրն ու աշխատանքին բնոյթը.-

Ահաւասիկ.-

ա.- Երբ աղքատները կը տեսնեմ, շատ կը նեղուիմ:

– Ես ալ:

– Պէտք է աղքատներուն ուտելիք, տուն-տեղ ապահովեն:

– Ինչո՞ւ այսքան բաներ: Կը բաւէ  պարզապէս, որ աչքէ հեռու տեղ մը պատսպարեն զանոնք, որ մենք չտեսնենք:

բ.- Իմ ալ սիրտս կը ցաւի, երբ  աղքատ մարդիկ կը տեսնեմ: Անոր համար ալ, երբ մեծ տիկիններ ըլլանք, պիտի գործակցինք, որպէսզի կազմակերպենք մեծ ճաշկերոյթներ` հաւու խորովածներով, մսեղէններու տեսակներով եւ հազար ու մէկ համեղ ճաշերով, որպէսզի շահուած դրամով կարենանք աղքատներուն համար գնել ալիւր, հնտեղէն եւ ուրիշ ասանկ անհամ բաներ, որ անոնք կ՛ուտեն:

– …՞

գ.- Գիտե՞ս Սիւզանիթա, շատ նեղուած եմ այսօր:

– Աա՜… Ո՛չ Միկելիթօ: Ես քո՛ւ ընկերուհիդ եմ եւ ոչ թէ քու նեղութիւններուդ ընկերուհին: Ես քու նեղութիւններովդ չեմ հետաքրքրուած, այլ միայն քեզմով: Իմ սէրս քեզի համար է:

Շատ ու շատ բարեսիրական  թէ կնոջական միութիւններու շարքին գտնուելով հանդերձ, ՀՕՄ-ը իր զգայնութեամբ ու պատմութեամբ կը զատորոշուի անոնցմէ եւ իր ճառագայթող գործունէութեամբ կը գրաւէ յատուկ  տեղ:   Ան իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան գործնապէս «շալակած» է ազգին նեղութիւնները , իսկ ՀՕՄ-ականները եղած են ընկերը կարիքաւոր հայ մարդուն, անոր ցաւին ու արցունքին:

Ամէն պարագայի եւ վերջապէս, ՀՕՄ-ի համահայկականը ժողով մը ըլլալէ անդին ու միաժամանակ, հարիւր տարիներու բարեսիրական ու կրթական մարզի մէջ  շահուած  յաղթանակներուն տօնն է, որուն հպարտութեամբ  կը լեցուին աշխարհի բոլո՜ր-բոլո՜ր ՀՕՄ-ականները` յանձնառու ըլլալով  վերանորոգ  տեսլականով  աշխատանքի նոր շրջանի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES