ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՆ ՀՕՄ-Ի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 70-ՐԴ ԺՈՂՈՎԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ժողովին բացումէն պահ մը

Կիրակի, 9 հոկտեմբերին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի համահայկական 70-րդ ժողովի պաշտօնական բացումը:

ՀՕՄ-ի համահայկական 70-րդ Պատգամաւորական ժողովը անկիւնադարձ մը կը նշէ միութեան պատմութեան մէջ: ՀՕՄ-ը արդէն հարիւրամեակ մը բոլորած է: Ան իր աշխարհասփիւռ միաւորներուն եւ անդամներուն միջոցով դար մը ամբողջ ծառայած է հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին:

Ներկայիս նոր հանգրուանի մը առջեւ գտնուող միութեան կարեւոր այս ժողովը կու գայ նոր ճանապարհներ, արդի նոր մարտահրաւէրներ եւ նոր ուղղութիւններ ճշդելու` 100+1 տարեկան միութեան համար:

Աթէնքի արուարձաններէն Գաւուրիի ծովափնեայ շրջանին մէջ կատարուեցաւ բացումը ՀՕՄ-ի համահայկական 70-րդ ժողովին:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան եւ հայ կաթողիկէ առաջնորդ Նշան արք. Քարաքէհէյեան:

Ներկայ էր Յունաստանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը, Յունահայոց Ազգային վարչութեան ատենապետն ու անդամները, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ատենապետը, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներ, «Արմենիքա» պարբերաթերթի եւ «Ազատ օր» օրաթերթի ներկայացուցիչները:

Ներկայ էին Յունաստանի Հայ կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութեան եւ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ գթութեան խաչի Շրջանային վարչութեան անդամները, Հայ կապոյտ խաչի տեղական վարչութեանց անդամները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

Ժողովին նախորդած բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին խօսք առին Յունաստանի Հայ կապոյտ խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լիզա Աւագեան, Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Գոլանեան եւ Յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան:

 

Share this Article
CATEGORIES