ՇԱՐՊԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՄՇԱԿԱԾ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ՕՐԷՆՔԸ

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ լիբանանցիներուն ներկայացուց իր մշակած ընտրական նոր օրէնքը, որուն ծիրին մէջ նկատել տուաւ, որ անիկա ոչ մէկ այլ ընտրական օրէնքի կը նմանի:

Շարպել աւելցուց, որ այդ օրէնքը իւրայատուկ է, հակառակ անոր որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած է:

Շարպել յայտնեց, որ տակաւին ժամանակ կայ լիբանանցիներուն ներկայացնելու եւ բացատրելու օրէնքին մանրամասնութիւնները` ընդգծելով, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնքը Լիբանանի համար կ՛ըլլայ լաւագոյնը:

Շարպել շեշտեց լիբանանեան խորհրդարանին մէջ փոքրամասնութիւնները ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ համամասնական դրութեան կողքին պիտի որդեգրուի նաեւ բաց ընտրացանկերու դրութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES