ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԳՈՐԾԱՏԷՐԵՐՈՒՆ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏՕՆԱԳԻՐՆԵՐԸ
Ճարտարարուեստի նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց առանց արտօնագիրի բանող գործարաններու սեփականատէրերուն դիմելու նախարարութեան` ստանալու համար նախարարութեան աշխատանքի արտօնագիրը, որ իր կարգին կը դիւրացնէ ստանալու աշխատանքի վկայագիր:
Ճարտարարուեստի նախարարութիւնը հաստատեց, որ իւրաքանչիւր գործարանի վերաբերող վկայագիրը օրինական, նիւթական եւ բարոյական արդիւնքներ կ՛ունենայ տուեալ գործարանին համար:
Այդ իրաւունքներէն կը նկատուին` գործարանին յատուկ ինքնաշարժը ունենալու իրաւունքը, տուեալ գործարանին արտադրութիւնները օտար երկիրներ արտածելու իրաւունքը, ելեկտրականութեան հոսանքի ծառայութեան համար աւելի նուազ վճարում կատարելը եւ այլն:
Ճարտարարուեստի նախարարութիւնը շեշտեց, որ ճարտարարուեստի մարզի բարգաւաճման եւ գործարաններու աշխատանքին բարելաւման նպատակով, նախարարութիւնը կը տրամադրէ երեք տեսակի վկայագիրներ, որոնք են` մէկ տարուան, վեցամսեայ եւ եռամսեայ դրութեամբ վկայագիրներ:
Ճարտարարուեստի նախարարութիւնը կոչ ուղղեց ճարտարարուեստի մարզի բոլոր սեփականատէրերուն գործակցելու` Լիբանանին աւելի փայլուն ապագայ մը ապահովելու համար: