ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՕՄԱՐ ԵՒ ՖԱՅՍԱԼ ՔԱՐԱՄԷՆԵՐԸ

Ֆայսալ ու Օմար Քարամէներ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Օմար Քարամէն` ընկերակցութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:

Միւս կողմէ, Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ ինք կը խուսափի պետական պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ վերջնական կեցուածք մը ճշդել` աւելցնելով, որ պէտք է յանգիլ պետական պիւտճէի վերջնական տարբերակին, որովհետեւ այդ տարբերակը տակաւին կարելի է փոփոխութեան ենթարկել:

Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ պետական պիւտճէի նախագիծը իր ներկայ վիճակին մէջ կ՛ընդգրկէ դրական եւ ժխտական կէտեր:

Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ այդ նախագիծին ամէնէն ժխտական կէտը այն է, որ յաւելուած արժէքի տուրքին վրայ կատարուած է 2 առ հարիւրի յաւելում:

Ակնարկելով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման հարցին` Պըրրի յայտնեց, որ իր կարծիքով, այդ թղթածրարը պէտք է քննարկուի կառավարութեան կողմէ, եւ եթէ կարելի չըլլայ այդ իմաստով համախոհութիւն գոյացնել, ապա այդ տարակարծութիւնը կարելի է լուծել ժողովրդավարութեամբ, այսինքն` այդ թղթածրարին շուրջ քուէարկութիւն կատարելով:

Իր խօսքը ուղղելով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին` Պըրրի ըսաւ, որ եթէ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման վերաբերող որոշումը անկախ կերպով խորհրդարան փոխանցելու փափաք կայ, «ապա այդ մէկը լաւ առիթ կ՛ըլլայ քննարկելու այդ ատեանին հիմնումը, որովհետեւ այդ ատեանը հիմնուած էր առանց սահմանադրական օրէնքներու յարգումին», ըսաւ Պըրրի:

 

Share this Article
CATEGORIES