ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Նախագահ Սլէյման` տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութեան հետ հանդիպման պահուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Ատնան Քասսարի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան աշխատավարձերը սրբագրելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ այն դժուարութիւնները, որոնք նկատուած են տնտեսական խորհուրդներուն կողմէ:

Տնտեսական խորհուրդները` անդրադառնալով Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան պահանջներուն, շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է այդ մասին խորհրդակցութիւններ կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ բոլորին շահերուն ծառայող ընկերային-տնտեսական բարեկարգումներու:

Տնտեսական խորհուրդները հանրապետութեան նախագահէն խնդրեցին հովանաւորել այդ երկխօսութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու կողմերուն տեսակէտները կամրջել:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` ապահովելու համար բոլորին շահերը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է իմաստուն երկխօսութիւնը պահպանել խնդրոյ առարկայ կողմերուն միջեւ:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել, որ նախագահին ներկայացուց Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ կառավարութեան ներկայացուցած ընտրական օրէնքի իր նախագիծին մանրամասնութիւններուն մասին:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Խտըր Հապիպ, նախկին նախարար Սլէյման Թրապուլսի եւ նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման եւ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման նախանցեալ երեկոյեան ուղղուեցան շարժապատկերի սրահ` դիտելու համար լիբանանցի բեմադրիչ Նատին Լապաքիի «Հալլա Լաուէյն» ժապաւէնը:

Share this Article
CATEGORIES