«ՍԱՐՔՈԶԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ ԴՐԱՒ ԹՈՒՐՔԻԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան հայրենի «Երկիր» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Նիքոլա Սարքոզիի Հայաստան կատարած այցելութիւնը նախ եւ առաջ հայ-ֆրանսական սերտ յարաբերութիւններու ապացոյցն էր: Մանոյեան չանտեսեց նաեւ այն փաստը, որ Սարքոզի ունէր առնուազն 2 լսարան` հայաստանաբնակ հայերու եւ ֆրանսահայերու:

Կ. Մանոյեան նշեց, որ Սարքոզիի ելոյթէն յստակ էր, որ ան կ՛ակնարկէր նաեւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն: Մանոյեան վստահեցուց, որ Սարքոզի, դէմ ըլլալով Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, այդ մասին անգամ մը եւս զգացնել տուաւ հայաստանեան իր ելոյթին մէջ:

Ըստ անոր, Սարքոզի ընտրութեան առջեւ դրաւ Թուրքիան` ընդունիլ սեփական պատմութիւնը, կամ Ֆրանսա այդ ուղղութեամբ քայլերու պիտի դիմէ:

Թէեւ ֆրանսական-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ այսօր լարուածութիւն կը նկատուի, սակայն Մանոյեանի համոզումով, այդ լարուածութիւնը պիտի չխորանայ:

Share this Article
CATEGORIES