ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ ԵՒ ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՊԻԼԱՈՒԻ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ. ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՄԱՍՓԻՐՈՅԻ ԴԷՊՔԸ ՍԵՐՏՈՒԱԾ ԾՐԱԳԻՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Հազեմ Պիլաուի

Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարար Մանսուր Իսաուի յայտնեց, որ իր նախարարութիւնը պատրաստած է զեկուցում մը, որուն մէջ նշուած են Մասփիրոյի դէպքին բոլոր հանգամանքները, եւ անիկա կը բովանդակէ դէպքին մանրամասնութիւնները, հանգամանքներն ու հրահրողները, որոնց ինքնութիւնը բացայայտուած է: Ան արիւնալի դէպքը հրահրողներուն թիւը չբացայայտեց, սակայն նշեց, որ զեկուցումը նախարարաց խորհուրդին պիտի ներկայացուի:

Իսաուի քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին յայտնեց, որ դէպքէն ետք նահանգներուն մէջ հաստատուած արտակարգ դրութիւնը վերցուած է, սակայն Ապասիա շրջանին մէջ ոստիկանութեան եւ բանակին կողմէ ապահովական յաւելեալ քայլեր առնուած են, մասնաւորաբար Գահիրէի եւ Կիզէի կենսական շէնքերուն շուրջ, եւ ոստիկանատուները իրենց պատրաստուածութեան վիճակը բարձրացուցած են` հիմնուելով հաստատ տեղեկութեանց վրայ, թէ այդ վայրերը յարձակումի կամ խափանարարական արարքներու պիտի ենթարկուին, իսկ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, սերտուած ծրագիր մըն էր:

Եգիպտոսի փոխվարչապետ եւ ելեւմուտքի նախարար Հազեմ Պիլաուի Կեդրոնական Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն նկատմամբ կառավարութեան վարմունքին դէմ իբրեւ բողոք ներկայացուց իր հրաժարականը: Մինչ այդ, լաւատեղեակ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու խորհուրդը կառավարութեան թելադրած է տեղեկատուութեան նախարարը պաշտօնազրկել` ղպտիներուն դէմ հրահրում կատարելուն համար: Եգիպտոսի Մարդկային իրաւանց միութիւնը նոյն պահանջով հանդէս եկած է եւ Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազին բողոքագիր մը ներկայացուցած: Այս կեցուածքները հիմնուած են այն իրողութեան վրայ, որ Եգիպտոսի պետական պատկերասփիւռի կայանի մէկ խօսնակը ղպտիներու քայլարշաւին անդրադառնալու ընթացքին «անոնցմէ ձերբազատինք» արտայայտութիւնը ունեցած է:

Նշենք, որ Ուաշինկթըն Եգիպտոսի մէջ առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեց ինքնազսպումի` ընդգծելով ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու եւ դէպի ժողովրդավարութիւն անցման հոլովոյթը շարունակելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, եգիպտական «Մասրի Եոմ» օրաթերթը հաղորդեց, որ օտար աղբիւրներ նշած են, որ Մասփիրոյի արիւնալի դէպքերուն շուրջ միջազգային հետաքննիչ յանձնախումբ մը Եգիպտոս ուղարկելու արեւմտեան կարգ մը պետութեանց արշաւը կանխարգիլելու համար եգիպտական դիւանագիտական արշաւ մը սկսած է:

Նշենք, որ դէպքերուն զոհ գացած 17 ղպտիներու երկուշաբթի օրուան յուղարկաւորութիւնը եւս քարկոծուեցաւ: Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը խմբագրականի մը մէջ նշեց, որ Մասփիրոյի դէպքերը եգիպտական պետութեան ինքնութիւնը կը վտանգեն:

 

Share this Article
CATEGORIES