ՊԱՅՏԸՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Ճօ Պայտըն

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն դեկտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա եւ Յունաստան պիտի մեկնի:

«Անատոլու»` վկայակոչելով Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութիւնը, կը տեղեկացնէ, որ Պայտըն Անգարայի մէջ պիտի քննարկէ թուրք-ամերիկեան համագործակցութիւնը: Առայժմ անոր Անգարա այցելութեան վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր:

Share this Article
CATEGORIES