ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԿԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ 70 ԿԻՆԵՐ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին եւ գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի բնակչութեան ֆոնտին, Պէյրութի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը` ներկայութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի:

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին կազմակերպած «Դէպի ապահովութիւն եւ կայունութիւն առաջնորդող խաղաղ աշխատանք» կոչուող ծրագիրին հետեւած 70 կիներ հանդիսութեան ընթացքին ստացան գնահատական մրցանակներ, ինչպէս նաեւ նիւթական փոխատուութիւն` հիմնելու համար իրենց յատուկ գործը կամ հաստատութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES