ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ` ՕՀԱՅՈՅԻ ՄԷՋ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ տակաւին կը շարունակէ Միացեալ Նահանգներ կատարած հովուապետական իր այցելութիւնը, երէկ Օհայոյի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց պատարագի մը:
Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ լիբանանցիները պէտք է շրջանցեն զիրենք երկփեղկումի առաջնորդող հարցերն ու տարակարծութիւնները: «Անոնք քաջութեամբ ու յանդգնութեամբ պէտք է նստին երկխօսութեան սեղան եւ իրենց միջեւ բոլոր հարցերը լուծեն ու այդ երկխօսութենէն դուրս գան սիրտերու լուացումով», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ կայ ախտ մը, որ «այլ երկիրներու հաւատարիմ ըլլալու» ախտն է` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է հաւատարիմ ըլլալ Լիբանանին եւ լիբանանեան ազգային համերաշխութեան:
Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ ինք Հուայէք, Արիտա եւ Սֆէյր պատրիարքներուն արձագանգն է` աւելցնելով, որ իր ստանձնած առաքելութիւնը քաղաքական չէ, այլ` ազգային:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ իր գոյնը ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանան կը կոչուի` նշելով, որ չի փափաքիր, որ այս կամ այն կողմը զինք իր գոյնով ներկէ:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլէն, որ զօրակցութիւն յայտնեց պատրիարքին` անոր առաքելութեան մէջ:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարք Օհայոյէն Հիուսթըն պիտի մեկնի:

