ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Իրան կը զօրակցի Լիբանանի եւ պատրաստ է ամէն մակարդակի վրայ օժանդակելու անոր, յատկապէս լիբանանեան բանակին զինման ծիրին մէջ:

Ապատի յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը վերստին հրաւիրուած է Թեհրան այցելելու եւ իրանցի պատասխանատուներու հետ քննարկելու լիբանանեան բանակին կատարուելիք օժանդակութեան կարելիութիւնները:

Ապատի հաստատեց, որ Իրանի կողմէ լիբանանեան բանակին առաջարկուած օժանդակութիւնը պայմանական չէ:

Իր կարգին, Ղոսըն նկատել տուաւ, որ Լիբանանի նկատմամբ իրանեան զօրակցութիւնը ողջունելի է եւ դրուատիքի արժանի` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան – իրանեան յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդել:

Ապատի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի, որուն հետ հանդիպում ունենալէ ետք շեշտեց, որ Իրան պատրաստ է Իսրայէլի դիմադրութեան շրջագիծին մէջ զինելու լիբանանեան բանակը:

Ապատի նշեց, որ ինք Մանսուրի հետ չէ քննարկած Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու թղթածրարը:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն` Իրանի դեսպանը շեշտեց, որ Սուրիոյ կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի բարելաւում` գլխաւորութեամբ նախագահ Պաշշար Ասատի:

 

Share this Article
CATEGORIES