ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՕՄԱՐ ԵՒ ՖԱՅՍԱԼ ՔԱՐԱՄԷՆԵՐԸ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց նախկին վարչապետ Օմար Քարամէն եւ անոր զաւակը` երիտասարդութեան եւ կրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող քաղաքական եւ շարք մը այլ հարցեր:
Սէյիտ Նասրալլա ընդունեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը` ներկայութեամբ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Ուաֆիք Սաֆայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական ու ապահովական իրավիճակը եւ նախարարութեան կողմէ պատրաստուած ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:
CATEGORIES Լիբանանեան