ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ԵՒ ՍՊԱՌՈՂԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՏՈՒՐՔԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼՈՒՄԸ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:
Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ համախմբումը կը մերժէ վառելանիւթի, յատկապէս պենզինի, սպառողական ապրանքներու եւ յաւելուած արժէքի վրայ տուրքերու յաւելումը:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ արդար է, որ աշխատաւորները ցոյցեր եւ գործադուլ կատարեն:
Անդրադառնալով Լիբանանի դէմ բանեցուելիք պատժամիջոցներուն` Լիբանանի կողմէ Միջազգային դատական ատեանը չֆինանսաւորելու պարագային, զօր. Աուն հարց տուաւ, թէ ի՞նչն է, որ կը պարտադրէ Լիբանանին ֆինանսաւորել եւ ո՞ւր է այն համաձայնագիրը, որ կը ստիպէ մեզի ֆինանսաւորել այդ ատեանը:
«Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հիմնումը ինքնագլուխ որոշում էր, եւ ան կը գործէ իբրեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէկ միաւորը, որուն ֆինանսաւորումը կ՛ապահովուի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի դէմ որեւէ պատժամիջոց երկրին դէմ գործուած զինուորական գործողութիւն եւ ներթափանցում կը նկատուի:
Ակնարկելով սուրիական ուժերուն կողմէ լիբանանեան հողեր մուտք գործելու մասին կատարուած յայտարարութիւններուն` զօր. Աուն շեշտեց, որ այդ մասին սահմանին հսկող միացեալ ուժերը պաշտօնական փոխանցումներ պէտք է կատարեն:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է հակակշիռի տակ առնէ սահմանները եւ արգիլէ Սուրիայէն կամ դէպի Սուրիա մաքսանենգումը: