ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան համադաշնակցութեան ներկայացուցած պահանջները եւ կառավարութեան կողմէ ի գործ դրուող ջանքերը` սրբագրելու համար լիբանանցիներուն աշխատավարձերը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է երկխօսութիւնը առկայ պահել բոլոր կողմերուն միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ հարցին լուծման համար միացեալ պատկերացում մը ճշդել:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ աշխատաւորներուն ապրուստը եւ կեանքը պէտք է բարելաւել: Ան նկատել տուաւ սակայն, որ կարեւոր է նաեւ հաշուի առնել տնտեսական խորհուրդներուն մտահոգութիւնները եւ անոնց կարողութիւնները, որովհետեւ անոնք երկրին տնտեսութեան հիմքերէն կը նկատուին:
Հանդիպումէն ետք Ղոսըն յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման խոստացած է խորհրդակցութիւնները արագացնել` լուծման մը յանգելու նպատակով:
Ղոսըն նկատել տուաւ, որ հիմնականին մէջ կան երկու առաջարկներ, որոնք ներկայացուած են աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի եւ տնտեսական խորհուրդներուն կողմէ:
Ղոսըն նաեւ նշեց, որ Նահհասի առաջարկը այն է, որ անհրաժեշտ է աշխատավարձերուն տրամադրել 20 առ հարիւրի յաւելում, իսկ տնտեսական խորհուրդներունը` 16 առ հարիւրի յաւելում, «իսկ մենք կը մերժենք այդ երկու առաջարկները», ըսաւ Ղոսըն:
Ան շեշտեց, որ համադաշնակցութիւնը պիտի կատարէ իր գործադուլը` կոչ ուղղելով սեփական եւ պետական մարզերուն մասնակցելու գործադուլ-ցոյցին:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի, որ նախագահին հետ քննարկեց կենսոլորտի պահպանման մասին ծրագիր մը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր: Քննարկուեցան նախարարութեան եւ երկրին դիւանագիտական ներկայացուցչութեան բարելաւման վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:


