ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԸ ԱՒԵԼՑՈՒՑ 700 ՀԱԶԱՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՈՍԿԻԻ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԿԱԽԵՑ ԻՐ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԸ

Կառավարութեան նիստէն պահ մըւմէն պահ մը

Երէկ ուշ գիշերին կառավարութիւնը որոշեց լիբանանցի աշխատաւորներուն նուազագոյն աշխատավարձերը բարձրացնել 700 հազար լիբանանեան ոսկիի: Կառավարութիւնը որոշեց նուազ քան 1 միլիոն լիբանանեան ոսկի աշխատավարձք ստացողներուն աշխատավարձերուն վրայ աւելցնել 200 հազար լիբանանեան ոսկի, իսկ 1 միլիոնէ աւելի ստացողներուն աշխատավարձերուն վրայ աւելցնել 300 հազար լիբանանեան ոսկի: Փոխադրածախսին վրայ կ՛աւելնայ 2000 լիբանանեան ոսկիի գումար մը, իսկ աշակերտներուն կրթանպաստները կը բարձրանան 750 հազար լիբանանեան ոսկիի:

Կառավարութեան յայտարարած վերոյիշեալ որոշումներէն ետք Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը յայտարարեց, թէ կ՛առկախէ այսօր յայտարարած իր ընդհանուր գործադուլը եւ բողոքի ցոյցերը: Համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտարարեց, որ նուազագոյն աշխատավարձի յաւելման թղթածրարը պիտի շարունակուի քննարկուիլ հինգշաբթի օր` համադաշնակցութեան գումարելիք բաց ժողովին ընթացքին:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան ներկայացուցած պահանջները` աշխատավարձերու յաւելումին առումով:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ գնահատելի է հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան միջեւ գործակցութիւնը` լուծելու համար շարք մը հարցեր, որոնցմէ են Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան պահանջները:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց սակայն, որ անհրաժեշտ է հաւասարակշռել աշխատաւորներու պահանջներուն եւ պետութեան ու գործատէրերուն կարողութիւններուն միջեւ:

Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ երկրին մէջ արձանագրուած սղաճին` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է հակակշռել լիբանանեան շուկային մէջ արձանագրուող անսանձ սղաճը:

Միւս կողմէ, պէտք է նկատել, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ երէկ ընդունեց տնտեսական խորհուրդները ներկայացնող պատուիրակութիւնը, որուն անունով նախկին նախարար Ատնան Քասսար յայտնեց, որ կարելի է համաձայնութիւն մը գոյացնել Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան հետ եւ գոհացնել աշխատաւորներուն պահանջները:

Իր կարգին, Ղոսըն նկատել տուաւ, որ պէտք է յոյս ունենալ Աստուծոյ վրայ:

Յետմիջօրէին Ղոսըն` գլխաւորելով համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, այցելեց վարչապետարան, ուր վարչապետին հետ քննարկեց աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Ղոսըն շեշտեց, որ համադաշնակցութիւնը պիտի կատարէ իր գործադուլը, որովհետեւ ամսական աշխատավարձի շերտերուն պարագային կարելի չէ եղած համաձայնութիւն գոյացնել:

Ղոսըն շեշտեց սակայն, որ համադաշնակցութիւնը խորհրդակցութիւններուն դռները չէ փակած եւ տակաւին կը բանակցի Այն Թինէի ու վարչապետարանին հետ:

Ղոսընի եւ վարչապետ Միքաթիի միջեւ կառավարութեան նիստէն առաջ կատարուած հանդիպումին իբրեւ հետեւանք գործադուլի հաստատումը աւելի ուշ ջրուեցաւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի կողմէ, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին դուրս եկաւ յայտարարելու, թէ տակաւին կարելի է համաձայնութեան մը յանգիլ աշխատավարձերու յաւելման գծով:

Նշենք, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդհանուր բացատրողական մը ներկայացուց Լիբանանի դիմագրաւած ջուրի հարցերուն մասին:

Նշենք նաեւ, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի ընդունեց Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ Եհիա Ռաատի հրաժարականը:

ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ

Մինչ կառավարութիւնը կը գումարէր իր նիստը, Լիբանանի համալսարանի դասախօսները վարչապետարանին մուտքին կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեցին կառավարութեան ընդառաջելու իրենց պահանջներուն:

Դասախօսներու գործադիր խորհուրդի նախագահ Շարպել Քֆուրի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է լուծումներ գտնել` պահպանելու համար համալսարանին մակարդակը եւ գոհացնելու համար դասախօսներուն պահանջները:

Քֆուրի հաստատեց, որ իրենք երբեք պիտի չզիջին իրենց պահանջներէն` ընդգծելով, որ իրենց պահանջներուն անտեսումին պարագային անոնք պիտի ուղղուին դէպի բաց դասադուլ:

Share this Article
CATEGORIES