ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ 2011-2012. ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Աշնան եղանակին առաջին օրերէն իսկ սկիզբ կ՛առնէ դպրոցական վերամուտը: Դպրոցական վերամուտը իրեն հետ կը բերէ բազմապիսի բարիքներ. մեր առօրեայ կեանքը կը վերաշխուժանայ, դպրոցական զանգին հասնելու համար կը դառնանք աւելի ճշդապահ եւ մանաւանդ լաւագոյնին հասնելու տենչերով եւ վերանորոգ ձգտումներով` մեծով եւ պզտիկով կ՛ելլենք ճամբայ:

Երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2011-ին Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Հռիփսիմեանց երկրորդական բարձրագոյն վարժարանը իր դռները լայն բացաւ ընդունելու համար ամառնային արձակուրդէն վերադարձող աշակերտները, որոնք դպրոցական ծանրաբեռնուած պայուսակով արտասովոր եռանդով եւ մեծ քայլերով կ՛ուղղուէին դէպի բակ` վերամիանալու իրենց դասընկեր/ուհիներուն եւ դիմաւորելու նորեկները:

Յիշենք, որ երկրորդական եւ 9-րդ դասարաններու աշակերտները 19 սեպտեմբերէն ի վեր արդէն սկսած էին իրենց դասերուն:

Ահաւասիկ կը լսուի վերամուտի առաջին զանգը, կարգապահութեան թելադրութեամբ, աշակերտները իրենց դասարանային շարքերով եւ ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ կը շարուին դպրոցին կեդրոնի բակը, ուր ներկայ էին նաեւ ծնողներ: Երկրորդ զանգէն ետք առաջին հերթին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան, որ իր ջերմագին բարի գալուստի խօսքէն ետք, լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի վերանկախացման 20-ամեայ տարեդարձը եւ ընդգծեց իւրաքանչիւր հայու, ի մասնաւորի սփիւռքի մէջ հասակ նետող հայ աշակերտի պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան վրայ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանը իր մէջ յարատեւ ապրեցնելու եւ անով հպարտ զգալու հրամայականը, քոյրը մատնանշեց նաեւ Մեսրոպ Մաշտոցին ծննդեան 1650-ամեակի նշումը եւ աշակերտներուն թելադրեց անաղարտ պահել հայ լեզուն ու մշակոյթը եւ հայկական բարքերն ու աւանդութիւնները. վերջին բաժինով ան այս տարուան դպրոցական բնաբանը փոխանցեց աշակերտներուն` յորդորելով ըլլալ հաւատարիմ բարեկամ իր նմանին, որ կը յանձնարարէ ըլլալ ազնիւ ծառայասէր եւ ինքնանուէր: Ապա խօսք առաւ Մխիթարեան միաբան հայրերէն Մեսրոպ վրդ. Սուլահեան, որ իր կարգին վեր առաւ ազգային ինքնուրոյն արժէքներու եւ ազգապահպանութեան առաջնահերթութիւնը եւ հայ լեզուի անթերի գործածութիւնը եւ շեշտեց կարեւորութիւնը քրիստոնէական հաւատքով առաջնորդուելու հրամայականին, ան իր խօսքի աւարտին շնորհաւորեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակներու դաստիարակութիւնը յանձներ էին հայ դպրոցին ու մանաւանդ` Անարատ յղութեան հայ քոյրերու բծախնդիր խնամքին:

Տէրունական աղօթքէն ետք աշակերտները միաբերան երգեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք դէպի երկինք բարձրացան բազմահարիւր եռագոյն փուչիկներ:

Մանկապարտէզի վերամուտը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբերին: Այս տարի աւարտական դասարաններու աշակերտները գեղեցիկ գաղափարը ունեցեր էին մանկապարտէզի աշակերտները դիմաւորել գունագեղ փուչիկներով, շաքարներով ու տուրմերով, հաւանաբար երեւոյթը աննախընթաց էր, որուն համար փոքրիկները մոռցան իրենց դպրոցական մուտքին առաջին արցունքի կաթիլները, տպաւորիչ էր նաեւ, երբ աւարտականի աշակերտները իրենց իսկ պատրաստութեամբ յիշատակի թագեր անցուցին մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն եւ անոնց ձեռքերէն բռնած` դասարան առաջնորդեցին:

Ծնողները բարձրօրէն գնահատեցին աւարտականի աշակերտներուն վերաբերումն ու մօտեցումը, որ ստեղծեց ջերմ ու բացառիկ խանդավառ մթնոլորտ, անկասկած որ ծնողներ իրենց անթառամ յիշողութեամբ մտաբերեցին իրենց մանկութեան ու պատանեկութեան օրերը եւ այսօր իրենց կարգին կրկնակի ուրախութիւնն ու հպարտանքը կը վայելեն իրենց զաւակները հայ դպրոցին յանձնած ըլլալու:

Բարի՛ վերամուտ. կը մաղթենք օրհնաբեր եւ բարեբեր կրթական տարի մը:

ԾՆՈՂ

Share this Article
CATEGORIES