ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՍԻՐՏԸ ԿԱԶՄՈՂ

Ներկայ գրութիւնը խտացումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական պատգամին, զոր արտասանեց հինգշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2011, Լոս Անճելըսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:

Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Հայրական սիրով կ՛ողջունենք թեմի առաջնորդ սրբազանը` գերշ. Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, հոգեւոր դասը ու Ազգ. իշխանութիւնը, որոնք նուիրումով կը ծառայեն մեր ժողովուրդին: Կ՛ողջունենք ներկայութիւնը Արեւմտեան թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանին եւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Օշական արք. Չոլոյեանին: Հայրական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, որոնք լծուած են մեր մշակութային, կրթական թէ ազգային արժէքներու ու իտէալներու կենսագործման` մեր հաւաքական կեանքէն ներս:

Մեզի համար հոգեկան անհուն ուրախութիւն է դա՛րձեալ ըլլալ մեր ժողովուրդին հետ` մօտէն հաղորդ դառնալու մեր ժողովուրդի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու մտահոգութիւններուն, ծանօթանալու թեմէն ներս կատարուած իրագործումներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն, եւ Մեր հայրական մտածումները, մտահոգութիւններն ու սպասումները փոխանցելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Եկեղեցին, ինչպէս միշտ կը շեշտենք, ժողովո՛ւրդն է: Հետեւաբար, եկեղեցւոյ սպասաւոր ըլլալ` կը նշանակէ ժողովո՛ւրդին հովիւը ըլլալ` եկեղեցին իր հաւատքով ու ճշմարտութիւններով տանելով մեր ժողովուրդին, եկեղեցին որպէս ծառայութիւն գործնապէս թարգմանելով ժողովուրդի կեանքին մէջ: Այսպէ՛ս եղած է մեր եկեղեցին ու այսօր նո՛յն ինքնաճանաչումով ան կոչուած է ինքզինք արժեւորել ու իրագործել մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս` Աստուածաշունչի ուսուցումներուն անվեհեր քարոզիչը դառնալով, մեր ազգին աւանդութիւններուն պահապանը ու ձգտումներուն ջատագովը դառնալով:

Ինչպէս գիտէք, շուրջ երեք շաբաթներ պիտի ըլլանք ձեզի հետ, եւ առիթներ պիտի ունենանք ձեզ լսելու, ինչպէս նաեւ` Մեր հայրական խօսքը փոխանցելու ձեզի: Սա պահուն կ՛ուզենք ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել մեր հաւաքական կեանքին առնչուած երեք բնագաւառներուն, որոնք առանցքը պիտի կազմեն Մեր մտածումներուն ու պատգամներուն.-

Ա.- Հոգեւոր կեանքի վերանորոգում: Հոգեւոր կեանքը առանցքը կը կազմէ մեր անհատական թէ համայնական կեանքին: Հոգեւոր կեանք ըսելով` կը հասկնանք մեր եկեղեցւոյ գոյութենական ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ եւ մեր ամբողջական մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան: Եկեղեցին սոսկ կառոյց ու ծէս չէ. իր հարազատ էութեամբ ան Քրիստոսի նոյն հաւատքով ու սիրով շաղկապուած ժողովուրդի մը համայնական կեանքն է: Ի՞նչ կ՛արժէ, հետեւաբար, եկեղեցի շինել, երբ եկեղեցին դատարկ է: Պէտք է մե՛նք եկեղեցի դառնանք` քրիստոնէական հաւատքէն բխող հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով լեցնելով ու ծաղկեցնելով մեր կեանքը: Հոգեւոր կեանքը լոկ Աստուածաշունչի ընթերցում չէ, եկեղեցւոյ պատմութեան ու աւանդութեան մասին տեղեկութիւններ ունենալ չէ, այլ  մասնակցութի՛ւն է մեր եկեղեցւոյ համայնական կեանքին ու հաւատքի առաքելութեան: Հոգեւոր կեանքը մտածելակերպի, կենցաղակերպի ու գործելակերպի այնպիսի որակ է, ուր կը ճառագայթեն Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած ճշմարտութիւնները: Հոգեւոր կեանքը ընկերութենէն հեռու, ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ կեանքի վիճակ մը չէ, այլ յանձնառու պայքար է չարին ու մեղքին դէմ, անանձնական ծառայութիւն է աղքատին ու հիւանդին: Հոգեւոր կեանքը քրիստոսակեդրոն կեանք է: Այսպէ՛ս ըմբռնեց մեր ժողովուրդը քրիստոնէութիւնը եւ այս գիտակցութեամբ ան ապրեցաւ իր հոգեւոր կեանքը, իր քրիստոնէական հաւատքը, զայն շաղախելով իր ապրումներուն ու տագնապներուն, իր մարտնչումներուն ու գոյապայքարին:

Առանց հոգեւոր արժէքներու` մեր կեանքը պիտի դատարկուի իր որակէն ու իմաստէն: Առանց հոգեւոր արժէքներու` մեր կեանքի ճանապարհը պիտի լեցուի մեղքով ու չարիքով: Առանց հոգեւոր արժէքներու` մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր աստուածատիպ պատկերն ու ճշմարիտ նպատակը: Արդ, հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը վերադարձ է մեր եկեղեցւոյ արժէքներուն ու աւանդութիւններուն, մեր հարազատ արմատներուն: Հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը  դաւանիլ ու ընդունիլ է Քրիստոս մեր ճշմարիտ լոյսը կեանքի խաւարին դիմաց եւ մեր փրկութեան լաստը կեանքի փոթորիկներուն մէջ:

Բ.- Հայ դպրոցի վերածաղկում: Ամէն անգամ որ առիթը կ՛ունենանք անդրադառնալու հայ դպրոցին, կարեւորութեամբ կը յիշեցնենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ Մեսրոպակերտ այս տաճարը մեզի համար սովորական ուսումնարան մը չէ. այլ հայ մարդուն հոգին, միտքը ու սիրտը կրթող, նկարագիրը կազմաւորող, անոր կեանքի ճշմարիտ ճամբան ցոյց տուող, անոր ազգային ինքնագիտակցութիւնը բիւրեղացնող սրբազան առաքելութիւն է: Հետեւաբար պատահական երեւոյթ չէ եկեղեցւոյ կողքին հայ դպրոցին ներկայութիւնը. պատահական չէ, որ հայ եկեղեցին հայ դպրոցը կը նկատէ իր առաքելութեան անբաժան ու անբաժանելի մասը. դարձեալ պատահական չէ, որ մեր ժողովուրդը, ինչպէս եկեղեցւոյ, նոյնպէս հայ դպրոցին կը մօտենայ բարձրագոյն աստիճանի  երկիւղածութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ:

Արդարեւ, ծանօթ իրողութիւն է, թէ հայ դպրոցը որքա՛ն ճակատագրական դեր կատարեց մեր պատմութեան ընթացքին ու յատկապէս` սփիւռքի մէջ: Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակներուն ազգային ինքնութիւնը կերտեց ու պաշտպանեց: Սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ եկեղեցւոյ կողքին հայ դպրոցը դարձաւ հայապահպանման մեր ամէնէն զօրեղ ամրոցներէն մէկը: Խորապէս հաւատալով հայ դպրոցին ճակատագրական դերին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր մտահոգութեան մնայուն առարկան դարձուց հայ դպրոցը: Մեր Սուրբ Աթոռը իր թեմերու ճամբով դպրոցներ շինեց, ուսուցիչներ պատրաստեց, կրթական ծրագիրներ մշակեց, նիւթական աջակցութիւն ընծայեց, որպէսզի հայ դպրոցը միշտ մնայ կենսունակ` մարդակերտումի ու հայակերտումի իր առաքելութեամբ:

Խոր գոհունակութեամբ կ՛ողջունենք ձեր թեմէն ներս հայ դպրոցներու ներկայութիւնը, անոնց կազմակերպ ու աշխուժ կեանքը: Նաեւ կ՛ողջունենք Ազգ. առաջնորդարանի, մեր կազմակերպութիւններու, բարերարներու ու ժողովուրդի զաւակներուն ամբողջական զօրակցութիւնը հայ դպրոցին: Քաջածանօթ ենք միաժամանակ, որ հայ դպրոցը, ինչպէս` մեր բոլոր գաղութներէն ներս, հո՛ս եւս կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ` կրթական թէ տնտեսական: Կը կրկնենք. որքան հայ եկեղեցին մեզի համար նուիրական է, նոյնքան` հայ դպրոցը. ինչպէս հայ եկեղեցւոյ կեանքին մեր մասնակցութեամբ եկեղեցին կը պայծառացնենք ու մենք եկեղեցիով կը պայծառանանք, նոյնպէս հայ դպրոցի կեանքին ու առաքելութեան մեր գործօն մասնակցութեամբ հայ դպրոցը կը հզօրացնենք ու հայ դպրոցով մենք կը հզօրանանք մեր քրիստոնէական ու ազգային ինքնութեամբ: Սրտագին կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` վերահաստատելու մեր ամբողջական զօրակցութիւնը հայ դպրոցին նկատմամբ: Հայրական` կոչ կ՛ուղղենք նաեւ մեր բոլոր ծնողներուն`  իրենց զաւակները առաջնորդելու հայ դպրոց, ինչպէս նաեւ մեր բարերարներուն`  վերանորոգ նուիրումով շարունակելու իրենց նպաստը հայ դպրոցին: Չմոռնանք երբեք, որ առանց հայ դպրոցին` մեր ազգային արժէքներն ու աւանդութիւնները պիտի հեռանան մեր կեանքէն, ու մեր ազգային ինքնութիւնը պիտի գունաթափի:

Գ.- Ազգային պահանջատիրութեան հզօրացում: Ազգային պահանջատիրութիւնը մեր ժողովուրդին համար ամէնօրեայ պայքար է` ի խնդիր մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման: Այս երկրագունդին վրայ արդեօք կա՞յ հայ մը, որ չի գիտեր, թէ 1915-ին օսմանեան թուրք կառավարութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն մը ծրագրեց ու գործադրեց: Կորսնցուցինք մէկուկէս միլիոն հայ, կորսնցուցինք հող ու ինչք, եւ մեր ժողովուրդի զաւակները աքսորուեցան իրենց պապենական հողերէն ու ցրուեցան աշխարհի բոլոր անկիւնները: Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած այս ցեղասպանութիւնը ոճիր մըն է մարդկութեան դէմ: Մեր ժողովուրդի զաւակները անցնող 97 տարիներու ընթացքին ոչ միայն չմոռցան ցեղասպանութիւնը ու յիշեցին իրենց նահատակները, այլ նաեւ արդարութի՛ւն պահանջեցին ցեղասպանէն ու միջազգային համայնքէն:

Այսօր, առաւել կազմակերպուածութեամբ ու միասնական կամքով մեր ժողովուրդը պէտք է շարունակէ իր պահանջատիրական պայքարը: Ահա քսան տարիներէ ի վեր սփիւռքի հայութեան պահանջատիրական պայքարին միացած են նաեւ հայրենի մեր ժողովուրդն ու պետութիւնը: Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան գերագոյն իրաւատէրը Հայաստանի պետութիւնն է: Արդ, մենք, որպէս մէկ ազգ, պիտի շարունակենք մեր պահանջատիրական պայքարը` ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին առաւել աշխուժացնելով զայն` ճանաչման կողքին նաեւ մեր իրաւունքներուն հատուցումը շեշտելով: Բնականաբար աշխարհաքաղաքական պայմանները փոխուած են. մեր մօտեցումները, մեթոտներն ու աշխատանքի կերպերը եւս անհրաժեշտ է, որ փոխուին: Սակայն բոլոր պայմաններու մէջ միասնական աշխատանքով ու վճռակամութեամբ պէտք է մեր պահանջատիրութիւնը արտայայտենք միջազգային բեմերու վրայ: Այս ծիրէն ներս ուրախութեամբ կ՛ողջունենք Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ դատի յանձնախումբերուն կատարած սքանչելի աշխատանքը: Միացեալ Նահանգներու դերը վճռական է մեր ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման մէջ: Այս երկիրը խորապէս կը հաւատայ մարդկային իրաւունքներու ու արդարութեան: Հետեւաբար մեր սպասումն է, որ նոյն յանձնառութենէ մեկնելով` Միացեալ Նահանգները ըլլան արդարութեան կողքին:

Ահաւասիկ` մեր կեանքին հետ անմիջականօրէն աղերս ունեցող երեք մարզեր, որոնք առաջնահերթ կարեւորութիւն պէտք է ստանան մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ: Մարտահրաւէրներ, որոնք մեզի համար պէտք է դառնան  ամէնօրեայ մտահոգութիւն, ծրագիր ու աշխատանք` ի խնդիր մեր գաղութի եկեղեցական, ազգային, կրթական ու մշակութային կեանքի առաւել կազմակերպման ու վերելքին:

Այս առիթով Մեր յատուկ ուրախութիւնը կը յայտնենք ի տես մեր սիրելի հայրենիքին` Հայաստանին հզօրացման ու զարգացման: Պէտք է միշտ նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի պետութիւնը ամրապնդող, Արցախի անկախութիւնը ամրացնող բոլոր ծրագիրներուն: Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումը նաեւ սփիւռքի հզօրացումն է, եւ` փոխադարձաբար: Ինչպէս Հայաստանի մէջ ըսինք, Արցախն ու սփիւռքը Հայաստանի շարունակութիւնն են. մենք մէ՛կ ազգ ենք, մէ՛կ հայրենիքով, մէ՛կ պահանջատիրութեամբ, մէ՛կ հաւատքով, նաեւ` մէ՛կ անցեալով ու ապագայով: Այս խոր գիտակցութեամբ պէտք է ապրի, մտածէ ու գործէ իւրաքանչիւր հայ:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

6 հոկտեմբեր 2011
Լոս Անճելըս

Share this Article
CATEGORIES