ԻՍՐԱՅԷԼ ՇԱԼԻԹԸ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱՆԱԿԷ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ 1027 ԳԵՐԻՆԵՐՈՎ
Իսրայէլի կառավարութիւնը համաձայնեցաւ Համասի կողմէ գերեվարուած իսրայէլացի զինուոր Կիլատ Շալիթը փոխանակել պաղեստինցի 1027 գերիներով:
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Շալիթի փոխանակման ծրագիրին կողմ քուէարկած են Իսրայէլի կառավարութեան 26 անդամներ, իսկ դէմ քուէարկած են երեք նախարարներ, որոնց շարքին արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման:
Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ Դամասկոսէն յայտարարեց, որ պաղեստինցի գերիներէն 450-ը ազատ պիտի արձակուին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին, իսկ մնացեալը` երկու ամիսէն: Իսրայէլի կողմէ ազատ արձակուածներուն շարքին են 27 կիներ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու վստահեցուցած է, որ Կիլատ Շալիթ յառաջիկայ օրերուն տուն պիտի վերադառնայ: Գերմանական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Շալիթ երեքշաբթի գիշեր Ռաֆահի անցքին ճամբով անցած է Եգիպտոս եւ կը գտնուի Գահիրէ:
Համասի զինեալները Շալիթը գերեվարած էին 25 յունիս 2006-ին: Համաս շարժումէն պաշտօնական աղբիւրներ եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Շալիթ երեք օրէն իր ընտանիքին պիտի միանայ: Համասի զինեալ թեւին` Քասսամի ջոկատներու բանբեր Ապու Ուպէյտա նշեց, որ գերիներու փոխանակումը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած է պաղեստինեան դիմադրութեան չափանիշերուն համաձայն:
Միւս կողմէ, թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Մաշաալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն տեղեակ պահած է Իսրայէլի հետ համաձայնութեան մանրամասնութիւններէն: Դիւանագիտական աղբիւր մը նշած է, որ Թուրքիա մօտէն հետեւած է բանակցութեան հոլովոյթին: