ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍԻՈՅ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱԶՄԱՄԱՐԴ ՀԱՒԱՔ

Բազմամարդ հաւաքէն տեսարան մը

Երէկ կեդրոնական Դամասկոսի Սապա Պահրաթ հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ դէմ արեւմտեան բանաձեւը վեթոյի ենթարկելնուն համար Ռուսիոյ եւ Չինաստանի նկատմամբ երախտագիտութեան արտայայտութեան համար բազմամարդ հաւաք մը, որուն մասնակիցները սուրիական դրօշի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նկարներուն կողքին բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին կարգախօսներ, ինչպէս` «Բանակն ու ժողովուրդը ձեզի հետ է, ո՛վ ղեկավար»:

ՉԻՆԱՍՏԱՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ իր համբերութիւնը թերեւս սպառի, թէեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` Սուրիոյ դէմ բանաձեւը վեթոյի ենթարկած է:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լիու Ուի յայտարարեց, որ սուրիական կառավարութիւնը կարելի եղածին չափ արագ պէտք է սկսի բարեփոխման իր խոստումները գործադրել եւ հարցերը պատշաճ ձեւով լուծել բոլոր կողմերը ներառող երկխօսութեան մը ճամբով:

Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ ղեկավարները պէտք է հեռանան իշխանութենէն, եթէ բարեփոխումները չկարենան գործադրել:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ ներքին ընդդիմութենէն պատուիրակութեան մը հետ` Քատրի Ժամիլի գլխաւորութեամբ: Դիւանագիտական աղբիւրներ ռուսական «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ քննարկումները կեդրոնացած են Սուրիոյ  կացութեան զարգացումներուն վրայ` նշելով, որ սուրիացի ընդդիմադիրները երախտագիտութիւն յայտնած են Սուրիոյ հարցով Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արեւմտեան բանաձեւին դէմ Ռուսիոյ վեթոյի օգտագործումին համար` յայտնելով միաժամանակ, որ այդ բանաձեւը «Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութեան դիմաց դուռ պիտի բանար»:

Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ, որ Մոսկուա կ՛այցելէր, յայտնեց, որ «շրջանին մէջ իբրեւ կարեւոր երկիրներ` Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տեսակէտներու փոխանակումը շրջանին մէջ ապահովութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան կը ծառայէ»: Ան նշեց, որ Ռուսիոյ կողմէ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արեւմտեան բանաձեւին դէմ վեթոյի կիրարկումը «դրական եւ շինիչ քայլ մըն է», որովհետեւ «ամերիկեան-արեւմտեան բանաձեւը ծրագիր մըն է, որուն  նպատակը շրջանին մէջ ժողովրդային շարժումները իրենց նպատակէն շեղելն է»:

Միւս կողմէ, Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ Սուպահ երէկ յայտնեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները Սուրիոյ հարցը քննարկելու համար ժողով մը պիտի գումարեն` աւելցնելով, որ «թուականի ճշդման համար խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան»:

Նշենք, որ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդը ճանչցաւ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը, իսկ Ֆրանսա զօրակցութիւն յայտնեց այդ խորհուրդին: Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի ճանաչումը ՕԹԱՆ-ի կողմէ ճանաչում մը նկատեց: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ կիրակի օր զգուշացուցած էր, որ «Սուրիոյ ընդդիմադիր խորհուրդը ճանչցող որեւէ երկրի դէմ խիստ միջոցառումներ պիտի որդեգրենք»:

 

Share this Article
CATEGORIES