ՄԱԿ-Ի ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՀՐԱՀՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ. «ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԹԻՐԱԽ ԴԱՐՁՆՈՂ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ԻՐԱՆԸ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՅՏԸՆ

Ճօ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ իր երկիրը Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը թիրախ դարձնող ծրագիրին համար Իրանը հաշուետուութեան պիտի ենթարկէ: Ան ըսաւ, որ ամերիկեան հակադարձութիւնը կրնայ ներառել պատժամիջոցներ, սակայն բոլոր հաւանականութիւնները կարելի են: Արեւմտեան դիւանագէտ մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը իրանեան ծրագիրը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին փոխանցելու կարելիութիւնը կը քննարկէ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛ուզէ իր դաշնակիցներուն հետ «Իրանի մեկուսացումը աւելցնելու» միջոցառումներու շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարել: Ան ըսաւ, որ ամերիկեան վարչակազմը «կ՛ուզէ ուղղել ուժեղ պատգամ մը, թէ այսպիսի արարքներ պէտք է դադրին»: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Լոնտոն Ուաշինկթընի հետ կը խորհրդակցի Իրանի դէմ յաւելեալ միջոցառումներ որդեգրելու առնչութեամբ: «Էֆ. Պի. Այ.»ի բանբեր Հաուըրտ Քարթըր սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ «իրանեան դաւը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործընկերութիւնը հարուածելու փորձ մըն էր»: Սակայն պատերազմները մերժող Ամերիկեան «Անսըր» կազմակերպութեան գործավար Պրայըն Պէյքըր «Ռուսիա եոմ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը ահաբեկելու իրանեան ծրագիրի մը գոյութեան հաւաստիութեան նկատմամբ կասկած յայտնեց:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան Ուաշինկթընը զգուշացուց Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի ահաբեկման ծրագիրին հիմամբ ճակատումէն: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի դեսպան Մոհամետ Խազայի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յղած է նամակ մը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգները մեղադրած է պատերազմ հրահրելու համար: «Ես ձեզի կը գրեմ Իրանի հասցէին Միացեալ Նահանգներու հնչեցուցած մեղադրանքներուն առնչութեամբ վրդովմունքս արտայայտելու համար: Իրանցի ժողովուրդը կը ձգտի հասնիլ այնպիսի ազատ աշխարհի, ուր ահաբեկչութիւնը տեղ պիտի չունենայ: Մենք Միացեալ Նահանգներու այդ գործողութիւնները կ՛որակենք իբրեւ պատերազմ հրահրելու փորձ, իբրեւ մեր եւ Պարսից ծոցի շրջանի կայունութեան ու խաղաղութեան ուղղուած սպառնալիք», նշած է Խազայի:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի ամերիկեան ամբաստանութիւնները նկատեց, «մանկական խաղ» մը, որուն նպատակը ամերիկեան հասարակական կարծիքի ուշադրութիւնը շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու խնդիրներէն շեղելն է: Ան նշեց, որ «թերեւս շրջանի երկիրներուն միջեւ հարցեր կ՛ուզեն ստեղծել, սակայն սէուտցիներուն հետ բնական յարաբերութիւններ ունինք, եւ ոչինչ Իրանը կը մղէ իրենց խօսած այդպիսի մանկական խաղեր կատարելու»: Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի խորհրդական Ալի Աքպար Ճաւանֆեքր իր կարգին հերքած էր ամերիկեան ամբաստանութիւնը` նշելով, որ «ատիկա նախապէս ծրագրուած դիպաշար է, որուն նպատակը ամերիկեան հասարակութեան ուշադրութիւնը իր ներքին խնդիրներէն շեղելն է»: «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Իրանի մէջ ամերիկեան շահերով զբաղող Զուիցերիոյ դեսպանատան գործավարը եւ «զգուշացուց այսպիսի սուտ ամբաստանութիւններ ուղղելու հետեւանքէն»: Գործավարը խոստացաւ պատգամը փոխանցել ամերիկեան կողմին:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազ Էրիք Հոլտըր երեքշաբթի գիշեր յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու երկու իրանցիներ կը մեղադրէ Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին դէմ մահափորձ ծրագրելու համար: Ըստ անոր, իրանցիները, որոնցմէ մէկը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Մանսուր Արպապն է եւ 29 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ ձերբակալուած, իսկ միւսը` Ղուլամ Շաքուրի հետախուզութեան կ՛ենթարկուի, կ՛ուզէին դեսպան Ատել Զուպարին սպաննել: Այդ նպատակով իրանցիները կը ծրագրէին պայթեցնել այն ճաշարանը, ուր յաճախ կը ճաշէր դեսպանը: Կ՛ենթադրուի, որ Շաքուրի Իրան ապաստանած է:

 

Share this Article
CATEGORIES