ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
Լիբանանեան թէ արաբական գրեթէ բոլոր թերթերը երէկ անդրադարձած էին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հակազդեցութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի յայտարարութեան:
Նմանապէս լիբանանեան մամուլի տեղական լուրերուն մէջ յառաջատար տեղ գրաւած էր ՀՅԴ-ի մէկ պատուիրակութեան կատարած այցելութիւնը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
ԿԱՐԳ մը թերթեր, ինչպէս` «Շարք», «Ախպար», «Լիուա», «Սաֆիր» եւ ֆրանսատառ «Մակազին», անդրադարձած էին ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի նախաձեռնութեանց` ճարտարարուեստի մարզի զարգացման առաջադրանքով անոր ձեռնարկած քայլերուն եւ հանդիպումներուն:
«ԼՈՐԻԱՆ ԼԸ ԺՈՒՐ»
Անդրադարձած էր հաւաքական ցուցադրութեան մը, որուն կը մասնակցէր նաեւ արուեստագէտ Լիտիա Լիոն Շարլաճեան:
«ՇԱՐՔ»
Իր երեքշաբթի օրուան թիւով կը յայտնէ, թէ թուրք պատասխանատու մը Լիբանան այցելելու իր մտադրութենէն հրաժարելու թելադրանքներ լսած է, երբ կը յուսար, թէ պիտի ընդառաջուէր իր փափաքին:
«ԱԽՊԱՐ»
«Հարցադրումներ եւ իրողութիւններ` Միջին Արեւելքի ու Լիբանանի քրիստոնեաներու իրավիճակին մասին» խորագրեալ վերլուծական յօդուածով, ծանօթ մտաւորական-բանասէր Պութրոս Լապաքի կ՛անդրադառնայ շրջանի քրիստոնէութեան` խօսելով նաեւ հայութեան մասին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ»
Ռուլա Սաարթիի ստորագրութիւնը կրող յօդուածով մը, թերթը կ՛անդրադառնայ թրքական ծովեզերեայ «Ֆաթհիէ» շրջանին, որ «կալուածային ուշագրաւ ներդրումներ ներգրաւելու առաւելութիւններով օժտուած է»:
Նշենք նաեւ, որ երեքշաբթի լոյս տեսած գրեթէ բոլոր թերթերը անդրադարձած էին Պրիւքսել մեկնած լիբանանեան խորհրդարանական պատուիրակութեան, որուն մաս կը կազմէր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

