ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԸ ԽՈՐԱՑՈՒՑ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԵԱՆՑ ՃԵՂՔԸ` ՇՓՈԹԻ ՄԱՏՆԵԼՈՎ ՊԱՏԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԸ

Աշխատաւորի օրապահիկի, ապրուստի եւ տնտեսական պայմաններուն պատշաճեցման առաջադրանքով յայտարարուած ընդհանուր գործադուլ-դասադուլը երէկ մասնակի կերպով գործադրուեցաւ` շփոթի մատնելով պատկան շրջանակները, յատկապէս կրթական մարզը:

Արդարեւ, սեփական թէ պետական մարզերու վարժարաններ բաց պահեցին իրենց վարչական գրասենեակները: Կարգ մը վարժարաններ ուսուցիչներու կամեցողութեան ձգեցին դասադուլի կիրարկումը, ինչ որ հարկադրեց աշակերտներու կանուխ արձակումն ու տունդարձը: Այլ վարժարաններ, ներառեալ` հայկական վարժարանները, անտեսելով գործադուլի որոշումը, կրթական սովորական օր յայտարարեցին:

Կրթական մարզի արձանագրած այս շփոթին կողքին աշխատաւորական շրջանակներ բուռն կերպով մերժեցին կառավարութեան յայտարարած աշխատավարձի յաւելումը` զայն նկատելով անբաւարար ու աշխատաւորին արժանապատուութիւնը վիրաւորող քայլ: Այս գծով դժգոհանքի ու բողոքի ալիք բարձրացաւ պատասխանատու կողմերուն, յատկապէս` Աշխատաւորական Համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի դէմ:

Իր կարգին, Ղոսըն, որ յայտարարեց, թէ գործադուլը առկախուած է, բայց չէ ջնջուած, մնաց մուրճի եւ սալի միջեւ, երբ փոխադարձաբար տնտեսական խորհուրդները բողոքի ելոյթով մը պահանջեցին անոր հրաժարումը` մերժելով աշխատավարձերու յաւելումի սկզբունքը, որուն «կիրարկումի պարագային, բազմաթիւ աշխատաւորներու գործէ արձակման դուռ պիտի բանայ»: Անոնք յայտնեցին, որ կառավարութեան յաւելումի որոշումին դէմ պիտի բողոքեն պետական Շուրայի խորհուրդին մօտ` պահանջելով չեղեալ նկատել զայն:

Իսկ կրթական մարզի պատասխանատուները յայտարարեցին, որ ընդհանուր դասադուլ պիտի կայացնեն յառաջիկայ չորեքշաբթի, 19 հոկտեմբերին, սեփական թէ պետական մարզերուն մէջ: Նմանապէս, լիբանանեան համալսարանի վարիչ կողմեր յայտարարեցին, որ համալսարանը պիտի շարունակէ բաց գործադուլը իր բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ, մինչեւ դասախօսներու պահանջներուն գոհացումը:

Իրենց կարգին, կարգ մը վաճառատուներ արդէն իսկ թռիչք տուին ապրանքներու սակագիներուն` բռնկեցնելով առանց այդ ալ քաղաքացիներուն լարուած տրամադրութիւնները:

Միւս կողմէ, ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ մտավախութիւն յայտնեց ծայր առած տարակարծութեանց գծով` հաւանական նկատելով, որ այդ մէկը կրնայ պատճառ դառնալ (ուսուցիչներու) սենտիքայական շարժումի երկփեղկումին:

«Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաւանական նկատեց, որ կառավարութիւնը յետադարձ ակնարկով մը լուծում գտնէ նաեւ աւելի քան մէկ միլիոն 8 հարիւր հազար լիբ. ոսկիիի ամսաթոշակներուն` զանոնք ներառելով յաւելումը ընդգրկող աշխատավարձերու ցանկին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES