ԹԱՅ ՉԻ – ՎՈՒՏԱՆԿԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՒԵՏԻՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԵՐԵՔ ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼԻ
6 հոկտեմբեր 2011-ին Լիբանանէն Վուտանկի լեռներ (Չինաստան) մեկնեցան լիբանանցի երկու աթլեթներ Աւետիս Սերոբեան եւ Վիգէն Տեմիրճեան` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար Թայ չի չուանի եւ չինական այլ տեսակի մարտարուեստի մրցումներուն: Նշենք, որ Թայ չիի այս 5-րդ միջազգային մրցաշարքը աշխարհի ամէնէն մեծ մրցաշարքը կը նկատուի` նկատի ունենալով, որ Վուտանկի մէջ հիմնուած է Թայ չին:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 12-էն մինչեւ 80 տարեկան 800 աթլեթներ` ժամանած աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէն: Բնականաբար տիրական ներկայութիւն էին չինացիները:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր տեսակի մրցումի եւ դասակարգի մէջ տրուեցան 5 մետալներ (1 ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ):
Վիգէն Տեմիրճեան, որ Աւետիս Սերոբեանի հսկողութեամբ իր փորձերը կը կատարէ, երկու անգամ առաջին երեքին մէջ դիրք մը ապահովելով տիրացաւ արծաթ մետալներու:
Ինչ կը վերաբերի Աւետիս Սերոբեանի, ան այս մրցաշարքին մէջ ամէնէն բարձր արդիւնքը արձանագրեց, երբ տիրացաւ 3 ոսկի մետալի` արժանանալով չինացի համակիրներուն մեծ քաջալերանքին:
Օտար լրատու աղբիւրներ, որոնք հոն ներկայ էին, անդրադառնալով Աւետիս Սերոբեանի ըսին, որ անոր արձանագրած արդիւնքները կը նկատուին գերգնահատելի, որովհետեւ անոնք կ՛արձանագրուին անձնական ճիգերու շնորհիւ: